ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒ
Յառաջիկայ 22 օգոստոսին Գումգաբուի մէջ պիտի մէկտեղուին Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն ու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները՝ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու համար Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացէն ներս միասնական ջանքերով կատարուելիք վիթխարի աշխատանքին շուրջ:
Ընտրացուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման մարտահրաւէրը կը պայմանաւորէ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ երաշխաւորեալ մթնոլորտի մը ստեղծուիլը:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ այս օրերուն Անգարայի մէջ կ՚ընթանան բանակցութիւններ, որոնց նպատակն է համաձայնութեան հասնիլ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային բեմահարթակի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու հարցին շուրջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Արցախի մէջ։ Ան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ժամանակ ունեցաւ այդ ելոյթը։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու ելոյթ մը ունեցաւ Անգարայի մէջ կազմակերպուած դեսպաններու հաւաքին ժամանակ։
Հանրապետական շրջանին առաջին անգամ եկեղեցի մը կը կառուցուի Թուրքիոյ մէջ. դարակազմիկ զարգացում։
Իսթանպուլ ծնած, Մխիթարեանի սան ցեղասպանագէտը մահացաւ 93 տարեկանին:
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեց համայնքային օրակարգը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Իրեն կ՚ընկերանային Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի դիւանը վերջին օրերուն մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց՝ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի մասին: