ՈՒՂԻՂ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը պէտք է գտնել ուղիղ երկխօսութեան միջոցով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Վալտայ» միջազգային քննարկումներու ակումբի 16-րդ նիստին ժամանակ։


Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանը սկսաւ հանդիսաւոր նիստով մը, որուն յաջորդեց ընդունելութիւն մը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին երկկողմանի գործակցութեան ընդհանուր ընթացքը:
Իտալացի նկարիչ Տարիօ Կամփարին Իտալիոյ մէջ քաշանի միջոցով ստեղծած է շուէտուհի Կրեթա Թունպերկի վիթխարի դիմանկարը դաշտին վրայ։
Երէկ երեկոյեան, Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի Էյֆելի աշտարակը վարդագոյնով պատուած է, ի նշան աջակցութեան կուրծքի քաղցկեղի դէմ պայքարի շարժման։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ կարծես ծայր կու տայ անորոշութիւն մը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեծանուն արուեստագէտ Արթօ Չաքմաքճեան Գանատայի մէջ կնքած է իր մահկանացուն։ Յառաջացած տարիքի մէջ աշխարհահռչակ քանդակագործը հեռացած է աշխարհէն։ Արթօ Չաքմաքճեան հայկական սփիւռքի ամենավառ դէմքերէն մին էր եւ իր սերունդի ամենաուրոյն ներկայացուցիչներէն մին։
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովը։ Անդամ երկիրներու ղեկավարները արդէն ժամանած են Հայաստան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուին երկրի ղեկավարութեան կողմէ։