ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Նիւ Եորքի մէջ պատուեց Հայաստանի փոխ-վարչապետը:
Տիգրան Աւինեան բարեգործութենէ անդին կարեւորեց սփիւռքի գիտելիքը, փորձառութիւնն ու մասնագիտութիւնները:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Նիւ Եորքի մէջ պատուեց Հայաստանի փոխ-վարչապետը:
Տիգրան Աւինեան բարեգործութենէ անդին կարեւորեց սփիւռքի գիտելիքը, փորձառութիւնն ու մասնագիտութիւնները:
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ «Կրօնական ազատութեան հարցերով նախարարական համաժողով»:
Զօհրապ Մնացականեան կանգ առաւ քրիստոնեաներու Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ենթարկուած հալածանքներուն եւ Հայաստանի որդեգրած զգայնութիւններուն վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր այցելեց անմոռանալի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի բնակարան-արուեստանոցը։ Հոգելոյս նկարչի այրիին՝ Մարի Յակոբեանի եւ դստեր՝ Նորա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց բնակարանէն ներս, ուր իրեն ներկայացուեցան մեծանուն վարպետի կտաւներն ու իւրայատուկ քանդակները։
Այս օրերուն, Երեւան կ՚այցելէ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեան, որու այցելութիւնը ունի մասնաւոր բնոյթ։ Ան Երեւանի մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր երիցագոյն, յատկանշական անդամներէն մին։
Ոչ եւս է Ռոժէ-Կարպիս Ջրբաշեան, որու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Փարիզի մէջ։
Յունաստանի մէջ նոր իշխանութեան գլուխ եկած ղեկավարութեան Արտաքին գործոց նախարարը՝ Նիքոս Տենտիաս նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկացի պետական քարտուղարը զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Աթէնք Միջերկրականի արեւելքին եւ Պալքաններու մէջ կայունութեան առանցք մըն է։
Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկան «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիա տեղափոխման գործընթացին կապակցութեամբ։ Այսպէս, նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ «Ս-400»ներու յանձնումը կը շարունակուի նախապէս ծրագրաւորուած ձեւով։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։ Զեքիեան Գերապայծառ շնորհաւորութիւններ յղեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան Էրպիլ քաղաքին մէջ երէկ պատահեցաւ սաստիկ դէպք մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ հիւպատոսարանէն պատուիրակութիւն մը զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ՝ ճաշարանի մը մէջ։
Ռուսական «Ս-400»ներու ձեռքբերման պատճառով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշեց Թուրքիան դուրս թողուլ «Ֆ-35»երու ծրագրէն:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ յստակեցնելով Անգարայի դիրքորոշումը՝ Ուաշինկթընէն հասած լուրերուն լոյսին տակ: