ԱՐՑԱԽԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ԱՆՃԷՅ ԿԱՍՊՐՉԻԿԸ
Արցախի ղեկավարութիւնը երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչը հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ֆրանսա։ Փարիզի մէջ ան հանդիպումներ կ՚ունենայ ֆրանսական շարք մը խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։
Թոփգաբուի պալատէն ներս, Այա Իրինի տաճարի երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը։ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը կը կոչուի՝ «Աղթամար. Սուրբ Խաչ եկեղեցի»։ Անատոլուի թաքնուած յուշարձաններու յայտնաբերման, ծանօթացման նպատակով կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը՝ թէեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին միջազգային բեմահարթակի վրայ ունի մեծ ճանաչում։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ ոգեկոչման յուզումնախառն արարողութիւն:
Սուրիոյ գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
«Ստեղծարար Հայաստան»ը («Creative Armenia») եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) սիրով կը յայտարարեն 2020-ի «Creative Armenia-AGBU Fellowship»երու մեկնարկը՝ մէկամեայ ծրագիր, որ ստեղծուած է նպաստելու աշխարհի նորարար հայ արուեստագէտներուն: Նիւթական եւ խորհրդատուական ամբողջական փաթեթ տրամադրող այս ծրագիրը նորարար արուեստագէտներուն ստեղծագործական վերելքի հասնելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակին նախագահութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն: