Լրահոս

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն։ Սպիտակ տան մէջ ան ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ օգնական եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի՝ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի հարցերով աւագ տնօրէն Ֆիոնա Հիլի հետ։

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ԲԻՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՒԱՔԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՄԵՐ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները շաբաթավերջին համախմբուեցան Փարիզի մէջ։ Տարեկան այս աւանդական հաւաքին ժամանակ 25-ամեայ եւ 50-ամեայ շրջանաւարտները մեծարուեցան Դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ Արամ Արք. Աթէշեանն ալ պատգամ մը ուղարկեց Փարիզի հաւաքին առթիւ։

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ»

Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան երդիքին տակ ուշագրաւ հաւաքոյթ մը՝ սփիւռքեան կրթական խնդիրներուն շուրջ:
Սիլվա Գույումճեան եւ Կարապետ Տաքէսեան ներկայացուցին Պոլսոյ եւ Ֆրանսայի վարժարաններու այժմու ընդհանուր կացութիւնը:

ԱՂՄԿԱՅԱՐՈՅՑ ԴԱՏԱՎՃԻՌ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին ներքին քաղաքական կեանքի տեսակէտէ տեղի ունեցան աղմկայարոյց իրադարձութիւններ։ Այսպէս, երկրի երկրորդ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարեան անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր բանտարկուած էր, ազատ արձակուեցաւ դատարանի որոշումով։

ՄԱՅԻՍ 19-Ի ՏՕՆԸ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 100-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական տրամադրութեամբ։

ԿԱՐԻՔԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու նախաձեռնութեամբ իֆթարի աւանդական սեղան՝ CVK Park Bosphorus պանդոկին մէջ:
Փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի. «2013 թուականէն ի վեր ընտրութեան արտօնութիւն չունենալը այլեւս մեզի՝ յոգնութենէն ալ անդին, մաշեցնել սկսած է»:

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԹԱՓՈՎ

Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոսի 6-ին, Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» մարզադաշտին վրայ։ Իսկ օգոստոսի 17-ին խաղերու եզրափակիչ արարողութիւնը նախատեսուած է Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՆՈՐ ՎԱՐԿԵՐ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Համաշխարհային դրամատան գործադիր տնօրէններու խորհուրդը վերջերս հաստատած է՝ Հայաստանի կենսական ճամբաներու ցանցի բարելաւման ծրագրին (#LRNIP) 13.4 միլիոն եւրօ լրացուցիչ գումար տրամադրելու իր որոշումը։ Այս գումարին շնորհիւ պիտի վերակառուցուին 61 քիլօմեթր երկարութեամբ գիւղական ճամբաներ:

Էջեր