ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԻՆ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ՝ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տեղեկացուցին, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած են իրենց առաջարկը՝ հանդիպում մը ունենալու վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, միջնորդները վերջերս այցելութիւն մը կատարած էին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց Հայաստանի նորանշանակ դեսպանը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Մեծ պահոց շրջանը ըլլայ արդիւնաբեր եւ առիթ դառնայ վերանորոգման:
Սեւան Պըչաքճը Միացեալ Նահանգներու մէջ ծանօթացուց իր նոր հաւաքածոն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ մեկնեցաւ Պելժիա եւ այսօր կը ձեռնարկէ Պրիւքսելի իր ծրագիրը։
Ծաղիկներ ու մոմեր. 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերու զոհերը երէկ վերյիշուեցան Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն ներս թուայնացման հսկայական աշխատանք՝ բարձր փորձագիտութիւններով:
Դէպի Իրան այցելութեան օրերուն Հայաստանի վարչապետը խօսեցաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու առկայ փակուղիին մասին:
Եւրոմիութեան BREXIT-ի աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ երէկ Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպաստիան Քուրցի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Միշել Պառնիէ յայտնեց, որ BREXIT-ի վերաբերեալ առնուելիք որոշումը աւելի կարեւոր է՝ քան ժամկէտի երկարաձգումը։