ՀՌՈՄԷՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ
Իտալիոյ խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, որով որոշեց 1915-ի դէպքերը որակել որպէս ցեղասպանութիւն:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ՝ պատմութեան քաղաքականացման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն դէմ եւ ընդգծեց, որ այս որոշումը ոչինչ կը համարուի Թուրքիոյ տեսակէտէ:
Դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան շնորհաւորեց Ժան-Ֆրանսուա Իւշէի նշանակումը եւ մաղթեց յաջողութիւններ։
Ճաբոնական երկարատեւ արշաւային ուղիներէն մինչեւ արժանթինեան ջրառատ անտառային շրջաններ՝ «Սի. Էն. Էն. Թրեւըլ»ը կազմած է արշաւային զբօսաշրջութեան լաւագոյն երթուղիներու ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած են 23 վայր՝ հետիոտն զբօսանքներու համար: Ցանկին մէջ է նաեւ Հայաստանը:
Ռուսաստանի «Համակարգչային եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու ընկերակցութեան» եւ «Հայաստանի իրաւազօրութիւն» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ սկսաւ «IT-SUMMIT 2019» համաժողովը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան եկած են տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտի աւելի քան 150 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ղեկավարներ, մասնագէտներ եւ պետական կառոյցներու պաշտօնեաներ:
Հայաստանի վարչապետը վաղը ելոյթ մը պիտի ունենայ ԵԽԽՎ-ի գարնան նստաշրջանի լիագումար նիստին:
Հայաստանի եւ Փորթուգալի նախագահները քննարկեցին երկու երկիրներու գործակցութեան հեռանկարները:
Մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան օրը, յունիսի 6-ին, Երեւանի մէջ սկիզբ առնող Խաչատուրեանի 15-րդ միջազգային մրցոյթին պիտի մասնակցի աշխարհի տասներկու երկրի երեսուն երաժիշտ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին կը տեղեկացնեն «Արամ Խաչատուրեան-մրցոյթ» մշակութային հիմնադրամէն: