ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Մեւլիւտ Չավուշօղլու Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Զարիֆը, Զալքալիանին եւ Մամէտեարովը:
Երկու տարբեր ժողովներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Զարիֆը, Զալքալիանին եւ Մամէտեարովը:
Երկու տարբեր ժողովներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Մինսքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Արմէն Սարգսեան Մինսք այցելեց՝ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի հիմնական խումբի հանդիպման առթիւ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ Մենպիչէ վերջ Թուրք զինեալ ուժերու աշխատանքի դաշտը պիտի ըլլայ Եփրատի արեւելքը, ուր պիտի ոչնչացուին ահաբեկչական թիրախները։ Այս յայտարարութիւնը արդէն ընկալուած է որպէս նոր գործողութիւններու ազդանշան։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ այցելեցին Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալուեցան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջնորդները օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը նախատեսէ փոփոխութեան ենթարկել՝ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու կանոնները։ Ան կը նախատեսէ արգիլել՝ ոչ-ամերիկահպատակ ընտանիքներու ԱՄՆ-ի մէջ ծննդաբերուած զաւակներուն եւ անկանոն գաղթականներու՝ նոյնպէս ԱՄՆ-ի մէջ աշխարհ եկած զաւակներուն քաղաքացիութիւն տրուիլը։
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձը բնորոշուեցաւ՝ կոթողային վիթխարի ենթակառուցուածքի ծրագրի մը կեանքի կոչուելով:
Քաղաքացիական օդագնացութեան բնագաւառէն ներս Թուրքիա կը ձգտի յառաջիկայ շրջանին դառնալ համաշխարհային նշանակութեամբ առանցք մը:
Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանին մէջ:
Երեւանի երէկուան հանդիպումներէն վերջ ԵԱՀԿ-ի միջնորդները կ՚այցելեն նաեւ Ստեփանակերտ եւ Պաքու:
Հայաստանի Հանրապետութեան նա-խագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան վերջերս Լոնտոնի մէջ մասնակցեցան արքայազն Չարլզի ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած յոբելենական հաւաքոյթին։
Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ խախտման դէպքերը կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը հերթական անգամ ձերբակալեցին անձ մը, որ ապօրինի ձեւով Թուրքիայէն Հայաստան անցած էր։
Հայաստանի գիտաթեքնիկ հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը թէեւ ապագայի համար յոյս ներշնչած է ժողովուրդին, սակայն նշանակալի արդիւնքներու հասնելու համար միայն յոյս յայտնելը բաւարար չէ։ Ամերիկահայ գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան համոզուած է, թէ Հայաստանի համար պէտք է տարուի յստակ աշխատանք, պէտք է ապահովուին յստակ ներդրումներ եւ պետական աջակցութիւն։