ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ հիւրընկալեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանն ու ընտանիքը։ Սա հրաժեշտի հանդիպում մըն էր, որովհետեւ Միքայէլ Մինասեան արդէն ետ կանչուած է այդ պաշտօնէն։
Թիւրքմենիստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ ծանրաբարձութեան համաշխարհային ախոյենութիւնը։ Երէկ, Հայաստանի հաւաքականէն Սիմոն Մարտիրոսեան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչում։
ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարը յաջորդ ամիս պիտի յստականայ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ՀԲԸՄ-ի նախագահը երէկ ընդունուեցաւ Կիլիկեան աթոռի գահակալին կողմէ:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Աննա Յակոբեան Արմէն Սարգսեանին ներկայացուց՝ իր ղեկավարած «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործունէութիւնն ու ծրագրերը։
Հայաստանի մշակութային կեանքի կարեւոր մասը դարձած «Երեւան ճազ ֆեստ»ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, շեփորահար Արթուրօ Սանտովալի եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի համատեղ համերգով: