ՅՍՏԱԿ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Էրտողան երէկ «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին հետ: «Եթէ Ուաշինկթըն ունի դժուարութիւններ, ապա Թուրքիա Մենպիչը կրնայ առանձին մաքրագործել ահաբեկիչներէն»:
Էրտողան երէկ «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին հետ: «Եթէ Ուաշինկթըն ունի դժուարութիւններ, ապա Թուրքիա Մենպիչը կրնայ առանձին մաքրագործել ահաբեկիչներէն»:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան հադիպում մը՝ քննարկելով երկրի ներքին քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան կ՚երթայ դէպի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք նախատեսուած են յառաջիկայ դեկտեմբերին։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ յուզումով արձագանգեց աշխարհա-հըռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան։ Հայաստանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հրապարակեցին ցաւակցականներ։
Հայաստանի վարչապետը ձեւականօրէն լքեց պաշտօնը՝ երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով սփռուած ժողովուրդին ուղղեալ յայտարարութիւնով. «Այս հրաժարականի նպատակը ձեր առջեւ ստանձնուած պատասխանատուութենէն փախչիլը չէ, այլ ընդհակառակը՝ մեր միասին իրականացուցած յեղափոխութիւնը աւարտին հասցնելը՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու եւ ամբողջ իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու միջոցաւ»։
Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական բոլոր ուժերուն յաջողութիւն մաղթեց եւ հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութիւնը։ «Իրականութեան մէջ պահը յուզիչ է, որովհետեւ մենք կ՚ամփոփենք հերթական փուլ մը եւ կը մտնենք բոլորովին նոր ժամանակաշրջան մը։ Ամէն ինչ շատ-շատ լաւ պիտի ըլլայ»։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն մշտապէս կ՚աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերու ղեկավարներու միջեւ շփումներուն։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կը պատրաստուի այցելել Փարիզ, ուր պիտի հիւրընկալւի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ Փութինի ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 11 նոյեմբերին։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս Անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացուց Կիպրոսի հիմնախնդրին վերաբերեալ տեղեկագիր մը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։
Այս տեղեկագրին մէջ Անթոնիօ Կութերէս մատնանշեց, որ անվերջ բանակցութիւններու գործընթացը այլեւս աւարտած է։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Մակեդոնիոյ դէմ։ ՈՒԷՖԱ-ի Եւրոպայի ազգերու լիկի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
«Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի ծիրէն ներս Օփերայի երդիքին տակ եզակի ձեռնարկ մը:
Երաժշտասէրները ողջունեցին աշխարհահռչակ խմբավար Եուրի Պաշմետն ու «Մոսկուայի մենակատարներ» խումբը:
Արցախի պատերազմի հերոսներէն Արայիկ Խանդոյեան շաբաթավերջին յուղարկաւորուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Միայնակ գայլ» անունով ծանօթ Արայիկ Խանդոյեան վերջերս զոհ գացած էր սրտի տագնապի մը։