ՓԱՌԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Չէ՛, սգահանդէս մը չէ այսօրուանը։ Ողբ ու կոծ, լաց ու արցունք տեղ չունին հոս։ Տխրութիւնը համակած է, անշուշտ մեր բոլոր էութիւնը, բայց այո տխրութիւնը մեծավայելուչ, պատկառազդեցիկ, հպարտ տխրութիւն մըն է եւ ո՛չ թէ գլխիկոր տխրութիւն մը։
Այսու կու գանք գոհունակութեամբ տեղեկացնել, որ հայ օրաթերթերու նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ այսօրուան դրութեամբ պաշտօնապէս հաստատած է իր համացանցային կայքէջը։ www.jamanak.com հասցէով մեր օրաթերթը արդէն սկսած է համացանցային աշխարհէ ներս ճանապարհորդութեան՝ իր գոյութեան երկրորդ հարիւրամեակին մէջ։ Այս նոր ոդիսականին մեկնարկը, բնականաբար, կու գայ բնորոշել ճամբաբաժան մը՝ արդի դարուն մէջ նաւարկութեան անհրաժեշտ նախադրեալներու պրիսմակէն։