Արխիւ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկասը, որ փափաքած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ Անգարայի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ճամալ Քոքարն ու Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Պրահիմ Աշութալը։ Գանատացի դիւանագէտներու այցելութեան նպատակն էր՝ ծանօթանալ Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմական պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ վերջերս քաղաքս կը գտնուէր, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին մասնաւոր համերգով մը վերյիշուեցաւ յայտնի երգահան Օննօ Թունչ։ Թրքական փոփ երաժշտութեան ակունքներուն կանգնած արուեստագէտ մըն է Օննօ Թունչ, որու ի յիշատակ կազմակերպուած համերգը զուգադիպեցաւ իր մահուան 24-րդ տարելիցին։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան հոգելոյս ազգային բարերարներ՝ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիր այս երկու երախտաշատ անունները բիւր յարգանքով վերյիշուեցան հերթական անգամ։
ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ Պերլինի մէջ խորհրդաժողով՝ Լիպիոյ տագնապի յաղթահարման համար:
Յայտարարութեան մէջ միջազգային դերակատարները աջակցեցան՝ երկրէն ներս անվտանգութեան համակարգի մը ձեւաւորման:
Շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ հայազգի նշանաւոր թաւջութակահար Ալեքսանտր Չաուշեան, որ խոր տպաւորութիւն թողեց երաժշտասէրներուն վրայ։ «Սաքըպ Սապանճը» թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ իր ելոյթը՝ «Իսթանպուլի նուագահանդէսներ»ու ծիրէն ներս։
Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին Պատրիարքական Աթոռը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:
«Ակօս» շաբաթաթերթի նահատակեալ հիմնադիրը երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր դէմ կատարուած ոճրագործութեան վայրին վրայ:
Գրաբերէն թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
- Գիրքը Քրիստոսի ծնունդը կրկնակի կը սորվեցնէ:
Նախ՝ յաւիտեաններէն առաջ եւ նախքան ժամանակը Բանն Աստուածը Հօրմէն ծնունդ է. ըստ Դաւիթի, որ Հայրը Որդիին կ՚ըսէր. «Արուսեակէն իսկ առաջ ծնայ Քեզ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2007 թուականի 19 յունուարին, ճիշդ այն ժամուն, երբ դաւադիր կրակոցով Պոլսոյ իր խմբագրատան թաղը, ինկաւ հայ լրագրող, հրապարակախօս Հրանդ Տինք, իր հիմնած «Ակօս» թերթի խմբագրութեան գրաշարները կը շարէին Հրանդի վերջին յօդուածը, որ գրած էր թրքերէնով, եւ արդէն հայերէնի թարգմանուած լոյս պիտի տեսնէր «Ակօս»ի մէջ… Յօդուածը Հրանդ Տինք խորագրած էր՝ «Հոգեվիճակս վախուորած աղաւնիի կը նմանի»:
Հայաստանի քաղաքական կեանքին տեսակէտէ ցնցիչ իրադարձութիւն. Յատուկ քննչական կոմիտէն իսկոյն շարժման անցած:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի դիակը յայտնաբերուեցաւ իր բնակարանին մէջ:
Իտալիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջկրօնական կարեւոր հաւաք մը։ Այսպէս, Հռոմի մէջ մէկտեղուեցան՝ Աբրահամ նահապետին հաւատացող երեք կրօններու 25 հոգեւոր առաջնորդներ, որոնք կը ներկայացնեն միլիոնաւոր քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ հաւատացեալներ։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Տօնական օրերուն Միացեալ Թագաւորութեան եռացող մայրաքաղաքը կը գտնուէի. թանգարաններ, յիշարժան վայրեր, ամանորեան շուկայի զեղչեր...
Մթնոլորտ մը. անգլիացիները որոշած են դուրս գալ Եւրոմիութենէն: Հայ մարդիկ գոհունակութեամբ կը խօսէին այս մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կարծես արտասովոր-սովորութեան մը արարողութեան վերածուեցաւ Հրանդին մասին գրելը։
Այն Հրանդին, որ մինչեւ վերջին կաթիլը արեան հաւատաց իր բառին, գրածին ու մտածումին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապէս ներկայացուցինք կենսագրութիւններ երեւելի անձնաւորութիւններու՝ որոնք իրենց մտաւոր աշխատութիւններով հետք են թողած եւ կերպով մը ծառայած՝ մտային զարգացման եւ հոգիի ազնուացման։ Ինչպէս ըսած ենք նախապէս, երախտագիտութեան եւ խղճի պարտք է զանոնք յիշել, եւ նաեւ պէ՛տք է օգտուիլ անոնց տիպար կեանքէն, փորձառութիւն աւելցնելով մեր կեանքի փորձառութեան վրայ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի Պապական նուիրակ Ճոզըֆ Սփիթըրն Եպիսկոպոսը։ Այս այցելութեան նպատակն էր Կիլիկեան Աթոռի գահակալին փոխանցել Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի ողջոյններն ու Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ բարեմաղթանքները՝ համապատասխան բովանդակութեամբ նամակով մը։
Հայաստանի մէջ ժողովրդագրութեան ընդհանուր ընթացքը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ։ Երկրի ղեկավարութիւնը միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ համապատասխան խնդիրներու յաղթահարումը։
Ռուսաստանի մէջ ներկայիս տեղի կ՚ունենայ կառավարութեան փոփոխութիւն։ Այժմ արդէն նախկին վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի կողմէ գլխաւորուած Նախարարաց խորհուրդը ներկայացուցած է իր հրաժարականը։
Հանրապետութեան նախագահ. «2023 թուականի նպատակները մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ ուղեցոյցի դեր կը խաղան մեզի համար»:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Միջերկրականի գլխաւորութեամբ, մեր միջազգային իրաւունքներուն տէր կանգնելով՝ նոր ոստումի մը դռները կը բանանք»: