Արխիւ
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր պատգամը՝ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, գահակալութեան պատմական արարողութեան ընթացքին:
«Ունիմ անձնական երախտիքի խոշոր բաժին մը Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին համար: Ինքն էր, որ գնահատեց իմ տաղանդն ու կարողութիւնները եւ ծառայութեան ընդարձակ դաշտ մը բացաւ իմ առջեւ, քաջալերեց եւ նեցուկ կանգնեցաւ այն բոլոր աշխատանքին ու առաքելութիւններուս, որոնք դարձան կեանքիս ամենէն արդիւնաւէտ տարիները Հայաստանի մէջ: Ի վերջոյ զիս եպիսկոպոսացնելով հոգեւոր ծնող դարձաւ: Իր շինարարական աշխուժութիւնը եւ անխոնջ աշխատասիրութիւնը միշտ տպաւորեցին զիս եւ ներշնչեցին խորապէս։ Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, որ Մայր Աթոռն է Լուսաւորիչեան մեր հաւատքին եւ միւս բոլոր աթոռները կը սերին իրմէ պատմական ածանցումով: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Վեհափառ Հայրապետին մեր եւ մեր միաբանութեան սիրոյ հաւատարմութիւնը կ՚ուղարկենք»:
Սիրելի Սրբազան Պատրիարք,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը յղենք Ձեզի՝ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ վաստակեալ սպասաւորիդ:
Շուրջ երեք տասնամեակ, իբրեւ կուսակրօն հոգեւորական, Դուք Քրիստոսը կը վկայէք տէրունապատուէր Ձեր առաքելութեամբ եւ Տիրոջ կենարար խօսքի քարոզչութեամբ՝ հոգեւոր սնունդ մատուցելով հաւատաւոր մեր ժողովրդին եւ արդիւնաշատ սպասաւորութեամբ առաւել լուսաւոր դարձնելով Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մենք, հակառակ որ մկրտութեան պատմուճանը զգեցած ենք, չենք դադրիր մեղք գործելէ՝ մենք մեզ Աստուծմէ հեռացնելէ, վշտացնելով զԱյն։ Ուստի, անառակ որդիին պէս ամէն անգամ կը վերադառնանք Անոր եւ մաքսաւորին պէս մենք մեզ Իր առջեւ մեղաւոր կը ճանչնանք։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի համերգին համար։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ իսկապէս տօնական մթնոլորտ։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Tanrı Göçmen Çocukları Sever mi Anne?» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Այս ժապաւէնի հեղինակն է Ռենա Լուսին Պիթմէզ։
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը աւարտեց երկօրեայ բարձրաստիճան շփումները մայրաքաղաքի մէջ:
Զեքիեան Գերապայծառ Անգարայէ վերադարձին ընդունուեցաւ նաեւ Խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի կողմէ:
«Որոնումներու մէջ սերունդ մը. Մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ»:
Հաքան Եիւճէլ եւ Ումուր Ետիքարտէշ ասուլիսի մը մասնակցեցան Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը պաշտօնապէս կը հասնի իր աւարտին:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այս շաբաթավերջի պատմական արարողութիւններուն վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատեր կը խորհին, որ արաբական աշխարհին մէջ ծաւալուող դէպքերը եւ յաճախ անսպասելի իրադարձութիւնները կրնան ազդեցութիւն չունենալ Հայաստանի վրայ։ Իրականութեան մէջ սակայն, եթէ ճիշդ դիտարկենք եւ իրերուն իրական գնահատական փորձենք տալ, ապա պիտի յանգինք այն համոզման, թէ դէպքերուն «տրամաբանական» շարունակութիւնը կրնայ մեծապէս ազդել կովկասեան տարածքին վրայ։
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
20-րդ դարու տաղանդաւոր արուեստագէտ, ֆրանսացի գեղանկարիչ ու քանդակագործ, «ֆովիզմ» ուղղութեան հիմնադիր-ներկայացուցիչ՝ Անրի (Հենրի) Մաթիսի ծննդեան 150-ամեակն է այս տարի:
Անրի Էմիլ Պէնուա Մաթիս ծնած է 1869-ի դեկտեմբեր 31-ին, Ֆրանսայի Քաթօ Քամպէզի փոքրիկ քաղաքը:
Կազմեց ու հաւաքեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
- Սուրբ Աթանաս կ՚ըսէ. «Մարիամի արգանդէն կատարեալ մարդկութիւն առաւ եւ միացաւ մարդկային պատկերին, ու մարդացաւ: Արդարեւ, կրնայ ըսուիլ որ Ան ցաւեցաւ մարդու նման, սակայն առանց ցաւի եւ առանց փոփոխութեան մնաց որպէս Աստուած»:
Ծանօթ է մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, թէ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝
Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ.
Սրբազան Հօր Գահակալութեան ու Պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարի մէջ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի.
Ասմալըմեսճիտի մէջ, Պէյօղլու, երէկ առաւօտ յանկարծ կքեցաւ ազգապատկան լքեալ շէնքի մը տանիքը:
Փուլ եկած հնգյարկանի կալուածի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Գարակէօզեանին եւ Ուսուցչաց հիմնարկին:
Գարակէօզեան Տան հիմնադիր, ազգային երախտաշատ ու անմոռանալի բարերար հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր իսկ հիմնադրած որբանոցի ընտանիքին կողմէ։ Այսպէս, երէկ առաւօտ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ողբացեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ տարեմուտին կատարեց շարք մը նոր նշանակումներ։ Հայրապետական տնօրինութիւններու հիման վրայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստեղծուեցաւ Քարոզչական կեդրոն՝ 1 յունուար 2020 թուականի դրութեամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր Ժընեւի մէջ կը յուղարկաւորուի նորոգ հանգուցեալ Նազարէթ Սրմաքէշ։ Հայկական սփիւռքի երէց սերունդէ երախտաշատ անուններէն մին եւս ցաւ ի սիրտ կ՚ուղեւորուի յաւիտենականութեան։ Նախկին պոլսահայ Նազարէթ Սրմաքէշ երկար տասնամեակներ առաջ հաստատուած էր Զուիցերիա եւ ընթացքին արդէն դարձած՝ խորհրդանշական անուն մը, որ նոյնացած էր զուիցերահայութեան հետ։
ԵՐԱՄ
Ձորը կտրող երկար ու բարձր սովետական կամուրջի վրայէն կ՚անցնէր այս առաւօտ եւս, գործի ճամբան բռնած։ Աւելի հին, աւելի գիւղական եւ սիրուն իրենց մասէն կ՚ուղեւորուէր դէպի գետի միւս ափի աւելի նոր, սովետաշէն թաղամասը, ուր կեդրոնացած էր եղած-չեղած շուկայական շարժը ամբողջ քաղաքին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աղջիկ ճան, քանի՞ տարի էլ էսպէս վարձով ես բնակուելու:
Կ՚ըսէ շրջանի կազի ստուգման պաշտօնեան, երբ հերթական եռամսեայ այցելութիւններուն ընթացքին նոյն բնակարանին մէջ, նոյն հայրենադարձ կինը կը տեսնէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ համեմատութիւն կարելի է՝ որպէսզի հասարակաց կէտ մը ստեղծուի մարդուն եւ փոշիի հատիկի մը միջեւ։ Եթէ նիւթը միայն «մարդ»ը ըլլար, աւելի դիւրին պիտի ըլլար անշուշտ խորհրդածել անոր մասին, բայց երբ հարցը բաղդատութիւն մըն է, մանաւանդ էապէս իրարմէ շատ հեռու եւ օտար նիւթերու, որոնց մէջ հասարակաց կէտ գտնել գրեթէ անկարելի է, դժուար է գաղափար մը կազմել։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները անդրադարձ կատարեցին Լիբանանէ եւ տարածքաշրջանէ ներս ներկայիս ստեղծուած ընդհանուր կացութեան, նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն։