Արխիւ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ամանորը բոլոր հարթութիւններու վրայ գնահատականներու, հաշուեկշիռներու եւ արժեւորումներու հանգրուան մըն է։ Նոր շրջանի մը վերաբերեալ ակնկալութիւնները բոլորի ուշադրութեան առարկայ կը դառնան, բնականաբար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018

«Երանի՜ այն ծառաներուն, որոնց տէրը 
երբ կու գայ՝ 
արթուն կը գտնէ զիրենք» (Ղկ. 12.37)։

 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա­ՒԱԳ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

Ամէն անգամ որ Ամանորի սեմին կը հասնինք, կ՚անդրադառնանք, թէ ժամանակը որքան արագ ընթացած է։ Մանաւանդ մանուկներ կը խանդավառուին Կաղանդ պապուկի ակնկալութեամբ։ Ակնկալութիւն՝ ընդհանրապէս անակնկալներով լեցուն նուէրներու տոպրակի բացման։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Դարեր ի վեր հայոց մէջ գոյութիւն ունեցած է Կաղանդի գիրը: Ասիկա հինէն եկած աւանդոյթ մըն է, որ որդեգրած են մեր թերթերն ու ամսագրերը, բայց առաւելաբար՝ արեւմտահայ իրականութեան մէջ: Արեւելահայերէն մամուլն ալ անդրադարձած է Կաղանդի նիւթին, բայց նոյն աշխուժութիւնը, աւանդոյթը, գիր պատրաստելու եւ Կաղանդի խոհերը ի մի բերելու ճոխութիւնը չէ եղած արեւելահայերէն թերթերուն մէջ, ինչ որ եղած է արեւմտահայերէն թերթերուն մէջ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ահաւասիկ եկաւ Ամանորը։ Տօն, երբ բոլոր երազներն ու փափաքները ունակ են իրականանալու։ Ամանորի կախարդական գիշերը՝ դեկտեմբերի 31-ին մարդիկ ակամայ հոգւոյն խորքերուն մէջ՝ հրաշքներու, նորի, բարիի, ապագայի, երազներու հանդէպ ծածուկ պահուած փափաքներ կ՚ունենան ու վստահ կ՚ըլլան, թէ հենց այս գիշեր իրենց բոլոր ցանկութիւններն ու իղձերը կրնան իրականանալ յառաջիկայ տարի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

2018 տարեթիւը ուրախութեամբ եւ մեծ յոյսերով դիմաւորած էինք մեր շատ մտերիմ ընտանեկան հարազատներուն հետ։ Ըստ իս, աշխարհի ամենաարժէքաւոր բանն է ընտանիքը եւ միշտ բախտաւոր նկատած եմ ես զիս, որովհետեւ մեր տունէն ներս յարատեւօրէն տիրած է ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018

Համայն մարդկութիւնը այսօր կը դիմաւորէ 2019 թուականը։ Նոր յոյսերու, նոր մաղթանքներու հերթական փուլ մըն է այս մէկը։ Հայաշխարհն ալ բարձր տրամադրութիւնով եւ բարի ակնկալութիւններով կ՚ողջունէ Ամանորը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարութիւններուն միջեւ լիակատար փոխըմբռնում գոյութիւն ունի յարաբերութիւններու ապագային մասին:
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին ամփոփուեցան վերջին ութ ամիսներուն տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումները:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

 Գալֆաեան Տան ընտանիքը Նոր տարւոյ եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ ապրեցաւ մեծ ուրախութիւն։ Վերջին օրերուն զանազան ձեռնարկներ տեղի ունեցան դպրոցին մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ ներկայ Ամանորի շրջանը բնորոշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Դպրոցէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին տղաքը ողջունեցին Կաղանդ պապուկը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կաղանդի հանդէս մը, որու ընթացքին փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան Կաղանդ պապուկի այցելութեամբ։ Օրուան տեւողութեան դպրոցէ ներս ստեղծուեցաւ խրախճանքի մթնոլորտ մը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն, որ ներկայ տօնական շրջանին կը պայմանաւորէ Գատըգիւղի ամբողջ ընտանիքի տրամադրութիւնը։ Իրականութեան մէջ ամբողջ դեկտեմբեր ամիսը վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի ջանքերով նախապատրաստական շրջանի մը վերածուած էր, իսկ վերջին օրերուն հրճուանքը հասաւ գագաթնակէտին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ նախընթաց օր համախմբուեցաւ խրախճանքով մը։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած են Ֆէրիգիւղի ընտանիքի Կաղանդի խրախճանքները։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Երէկ երեկոյեան Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած է այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

«Աստուծոյ հետ ըլլալ կը նշանակէ հզօր ըլլալ, Աստուծոյ հետ ըլլալ կը նշանակէ երջանիկ կեանքով ապրիլ»:
Տաւուշի թեմէն երիտասարդներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստացան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքը ընթացք կը ստանայ զանազան արժէքներու ներգործութեամբ, որոնք շատ անգամ կ՚անտեսուին, անտարբերութեամբ կը դիմաւորուին։ Արդարեւ, կեանքի մէջ կան արժէքներ, որոնց գոյութիւնը զգալի չ՚ըլլար, եւ սակայն երբ կը կորսուին անոնք, այն ատեն մարդ կ՚անդրադառնայ անոնց կարեւորութեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Դատելու եւ դատուելու եղանակները մարդկային, ընկերային եւ փոխյարաբերական կեանքիդ անբաժան արարքները կը նկատուին։ Կը դատես, երբ կը տեսնես սխալ արարք մը կամ անուղղայ ընթացք մը՝ ըլլայ անիկա քեզի կամ ուրիշին դէմ կատարուած։ Կը դատես ի խնդիր ճշմարտութեան յայտնաբերման եւ արդարութեան հաստատման։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ամանորի սեմին նախարար Զօհրապ Մնացականեան մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին նախարարը անդրադարձաւ թէ՛ երկու երկիրներու եւ թէ անոնց ղեկավարներու բարեկամութեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018

Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին նախընթաց օր հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները։ Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով մասնակցեցան լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան եւ դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան։

Էջեր