Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանը։ Զրոյցի ընթացքին թեմակալ առաջնորդը իր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ տակաւին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագութեան տարիներէն սկսեալ իրեն նկատմամբ մշտապէս ցուցաբերուած հայրական խնամքի ու վստահութեան համար։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր մահուան կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարքին վախճանման կապակցութեամբ հեռաձայնով կապ հաստատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիսկոսին խոր ցաւով տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան այսօր կէսօրուան ժամերուն վախճանած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր կը գտնուէր վերջին տարիներուն։
Global Fire Power համացանցային կայքէջը հրապարակեց 2019 թուականի աշխարհի հզօրագոյն բանակներու ցանկը։ 137 երկիրներ կ՚ընդգրկէ այս ցուցակը, որու գլուխը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ 716 միլիառ տոլարի պաշտպանութեան պիւտճէով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը թղթատեմ հին թերթերու հաւաքածոները, այս անգամ հանդիպեցայ 27 նոյեմբեր 1995 թուակիր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ «Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան» ստորագրութեամբ՝ վերոյիշեալ վերնագրութեամբ գրութեան։ Թերեւս «կրկնութիւն» համարուի, բայց հետաքրքրական պիտի ըլլար նոյն ստորագրութեամբ եւ այսօրուան տրամադրութեան ներքեւ յիշել գրութիւնը եւ տեսնել, թէ ինչե՜ր փոխուած է անցեալ տարիներու ընթացքին։
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս հանդիսաւորապէս ծանօթացուեցաւ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութիւն» ծաւալուն աշխատանքը:
Զանազան սերունդներէ հեղինակաւոր թրքագէտներ ջանք գործադրած են 1918-2018 թուականներու ժամանակաշրջանի այս յատկանշական գործը ի կատար ածելու համար:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեծանուն աստղաֆիզիկոս Գրիգոր Կուրզադեան իր գիրքերէն մէկուն մէջ Հոմերոսի Իլիականէն կը մէջբերէ հետեւեալը. «Երբ Հեղինէն ներս մտաւ, ծերունիները ոտքի ելան»։ Գիտնականը այս տեսարանը կը նկատէ որպէս կնոջ գեղեցկութեան՝ տակաւին անթիք դարաշրջանին մէջ ստեղծուած բարձրագոյն չափանիշ մը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հայրենադարձ կին մը կաթնավաճառին խանութին մէջ, ցուցափեղկին դէմ կեցած պանիրներու տեսականին կը դիտէ՝ Լոռիի պանիր, Չանախի, Եղեգնաձորի..., գունաւոր պանիրներ, ածուխի վրայ մգացած պանիր, ու... կը գտնէ իրեն ու ընտանիքին համար ամենասիրելին՝ հիւսուած պանիրը, որուն համը քիչ մը կը յիշեցնէ Հալէպի պանիրը, անցեալի հետ կապող թել մըն է այս համը իրեն համար ու հազիւ թէ որոշումը պիտի փոխանցէ վաճառողին, պապիկ մը կը մտնէ կաթնավաճառին խանութը, ու՝
-Տվարոկ (ռուս. TBopor կաթնաշոռ) ունէ՞ք,- կը հարցնէ դրան սեմէն յառաջանալով:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ձմրան բուքին,
Երկու որբեր՝ քոյր ու եղբայր։
Առտուընէ ի վեր, փողոցներն ինկած։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հետեւեալ հատուածը Արշակուհի Թէոդիկի «Ամիս մը ի Կիլիկիա» գիրքէն է, ուր ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ աղէտեալներուն կեանքը, իրեն հանդիպած մարդիկը, անոնց առօրեան եւ իր տպաւորութիւնները կը կիսէ այդ ճամբորդութենէն (հեղինակին՝ գիրքին մէջ գործածուած ուղղագրութիւնը պահպանուած է):
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ Բարեկենդանի խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան սաներուն համար։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր Մեծ պահքը միասնաբար ողջունեցին՝ սուրբգրային սերտողութիւններու մասնակիցները։ Եկեղեցւոյ յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հաւաքոյթ մը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ մասնակցութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բարձր ներկայութեամբ
Երեւանի «Պրիւսով» պետական լեզուաբանական համալսարանի երդիքին տակ նոր լսարան
Համաշխարհային կանանց օրուան՝ մարտի 8-ի սեմին Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը։ Որպէս ատենախօս ընտրուած էին Մայր վարժարանէ շրջանաւարտ հինգ կանայք, որոնք յաջողութեան հասած են իրենց ասպարէզին մէջ։

Հայաստանի վարչապետը այս առաւօտեան կառավարութեան նիստին ժամանակ բացատրութիւններ տուաւ Պրիւքսելի շփումներուն շուրջ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, քննարկուած են մեկածրագրեր, որոնց պիտի աջակցի Եւրոպա եւ կողմերու գործակցութիւնը չունի աշխարհաքաղաքական օրակարգ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Գրիգոր Յովհաննիսեան հարցազրոյց մը տուաւ The Jerusalem Post թերթին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հարցազրոյցին մէջ փոխ-նախարարը յայտնեց, որ Հայաստան կը դիտարկէ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալու հարցը։
Հանրապետութեան նախագահի տեղակալ Ֆուաթ Օքթայ յայտարարեց, որ «Ս-400» հրթիռներու հարցին շուրջ Թուրքիա կը գործէ իր շահերուն ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով՝ ան ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիա իր շահերուն տեսակէտէ անհրաժեշտը կ՚ընէ, իր սեփական որոշումը կը կայացնէ եւ կ՚ընէ իր նախընտրութիւնը»։ Օքթայ նշեց, որ Թուրքիա որոշում կայացնելու ժամանակ կ՚առաջնոր-դըւի միայն սեփական շահերով։
Նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեան վաղը իր առաջին ցուցահանդէսը պիտի բանայ քաղաքիս մէջ՝ 8 մարտի առթիւ:
Յայտնի արուեստագէտը 22 տարի ԱՄՆ-ի մէջ ապրելէ վերջ վերադարձած է Հայաստան, ուր կը շարունակէ ստեղծագործել:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միացեալ Աստուածաշնչային ընկերութիւններու թարգմանական ծրագրերու տնօրէնուհի Մարինա Լոմովայը եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան թարգմանական ծրագրերու համակարգող Մարիքա տէ Լանկը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քաղաքակրթութեան բերած արագութիւնը այդպէս կը թուի՝ թէ մարդ էակը ի՛նք ձեւակերպելու մտադրութիւնը ունի բնութիւնը։ Եւ այնպէս կը տեսնուի՝ թէ «հին մարդ»ը այլեւս այն մարդը չէ, այլ՝ քաղաքակրթութեան թեւերուն տակ փոխուած եւ բարեկարգուած «նո՛ր մարդ»ը։