Արխիւ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ քննարկումները այսօր երկար ընդհատումէ վերջ կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով կը մէկտեղէ իր հայ եւ ազէրի պաշտօնակիցները՝ Եդուարդ Նալպանտեանն ու Էլմար Մամէտեարովը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն Երեւանի մէջ «Աուրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ՝ Ռուբէն Վարդանեան եւ Նուպար Աֆէեան լրագրողներուն հետ յատուկ հանդիպման ընթացքին յայտնեցին 2017 թուականի «Աուրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները: Հայերուն հիմնած միջազգային այս մրցանակը կը շնորհուի Եղեռնէն վերապրածներու անունով եւ ի երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք մեկնած են հայ ժողովուրդին:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
22 Մարտ 2017. Ուիթընպերկ՝ այսպէս ըսած նախկին արեւելեան Գերմանիոյ գեղեցիկ քաղաքներէն մէկը: Հոն, ուր Մարթին Լուտեր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, հիմը դնելով նաեւ եկեղեցւոյ ու ընդհանրական կեանքի բարեկարգումի գործընթացին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Բարձրացած են ջահերը, մոմերը եւս, ու կը քալեն անոնք, արշաւ մը կազմած կ՚ուղղուին դէպի կանչը բնազդին: Այո, բնազդ դարձած կանչն է զիրենք մղողը, կանչը արդարութեան, փաստը գոյութեան հին ազգի մը, որ ունի հազարամեակներու պատմութիւն եւ դարու մը պահանջք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ միշտ կը պատահին անիրաւութիւններ, սխալմունքներ։ Ասիկա կը տեսնուի պատմութեան մէջ եւ այնքան ատեն որ մարդկութիւնը շարունակէ իր գոյութիւնը, պիտի պատահին, քանի որ մարդ, էապէս, թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունեցող էակ մըն է։
«Լվովի հայկական տաճարի վերածնունդը»՝ կը մատուցուի գեղարուեստական բարձր ճաշակով:
Երեւանի մէջ, Ազգային Պատկերասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւորապէս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ յաջողելու եւ մտադրուած նպատակի մը հասնելու համար անհրաժեշտ պայմաններ են՝ գիտութիւնը, աշխատութիւնը եւ կարգապահութիւնը, բայց յաջողութիւնը կատարեալ ըլլալու համար անհրաժեշտ է նաեւ այս երեք պայմաններու մէջ յարատեւութի՛ւնը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի մէջ հիւրընկալեց իտալահայ գործարար Սարօ Խիւտավերտեանը։ Հարկ է նշել, որ Սարօ Խիւտավերտեան միեւնոյն ժամանակ Միլանոյի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ որպէս Սփիւռքի նախարարութեան խորհրդական։
Միջազգային ճգնաժամային խումբի Եւրոպայի ծրագրերու տնօրէն Սապինա Ֆրէյզըր յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ աւելի կարեւոր դեր մը խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներու որոնման գործին մէջ։
Չեխիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ Այս բանաձեւին հեղինակն էր Սոցիալ-դեմոկրատ Ռոպին Պեոհնիշ, որ կը գլխաւորէ Չեխիոյ խորհրդարանէն ներս Հայաստանի հետ բարեկամութեան երեսփոխանական խումբը։
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ վերիվայրումները կը շարունակուին։ Երէկ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ընդունեց Թուրքիոյ տեսակէտէ ժխտական որոշում մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ Անգարայի ղեկավարութեան բուռն հակազդեցութեան։
Հայաստան եւ Հնդկաստան փոխյարաբերութիւններու զարգացման հետամուտ:
Փոխ-նախագահ Համիտ Անսար երէկ ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ:
Թուրքիա տարածքաշրջանէն ներս բացարձակապէս չի հանդուրժեր ՓՔՔ-ի եւ անոր յարակից կառոյցներու ահաբեկչական լծակներուն:
Բանակը սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեց Իրաքի Սինճարի շրջանին եւ Սուրիոյ Քարաչոք լերան մէջ. զինեալ ուժերու գործողութիւնները պիտի շարունակուին:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ աշակերտները գարնանային գունագեղ խանդավառութեամբ տօնեցին Սուրբ Զատիկը։ Դպրոցէն ներս այս առթիւ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հանդէս մը, որու ընթացքին տղաքը հանդիսականներուն ներկայացուցին նաեւ տօնին խորհուրդը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Բանալի» հարցադրում մը. բայց այդ «բանալի»ն երկսայրի սուրի նման երկու ծայրեր ունի։ Այդ երկու ծայրերու անուններն են դաւաճանութիւն եւ վստահութիւն, որոնք ընկերութեան մը երկու ներհակ «բանալի»ներն են։
Հնդկաստանի Փոխ-նախագահ Համիտ Անսար երէկ ժամանեց Երեւան։ Զուարթնոց օդակայանին մէջ բարձրաստիճան հիւրը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց իր պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին 24 Ապրիլի պատգամը։ Անգարայի ղեկավարութիւնը անակնկալի մը չէ ենթարկուած Տանըլտ Թրամփի պատգամին բերումով, որովհետեւ անոր բովանդակութեան մէջ 1915-ի դէպքերը չեն որակուած որպէս ցեղասպանութիւն։
«24 Ապրիլի ոգեկոչման հարթակը» երէկ երեկոյեան Թիւնէլի հրապարակին վրայ ոգեկոչեց 1915-ի դէպքերուն զոհերը:
«Ժողովուրդ մը ոչնչացուեցաւ՝ իր ամբողջ մշակոյթով, հազարաւոր պատմական շէնքեր, եկեղեցիներ ու դպրոցներ փլատակի վերածուեցան գիտակցաբար»:
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն գրելու խրախճանք մը։ Համայնքային միջնակարգներու աշակերտական խումբերէ կազմակերպուեցաւ այս ծրագիրը։
Հանրապետութեան նախագահը այս տարի եւս Ապրիլի 24-ին պատգամ մը ուղարկեց Պատրիարքարան։
Էրտողանի շեշտադրումները ուղղուած են գլխաւորապէս մեր համայնքին. «Օսմանահայոց յիշատակին եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու ուղղեալ մեր աշխատանքները պիտի շարունակենք յառաջիկային»։
«Ա. Աշխարհամարտի պայմաններուն մահացած օսմանահայերը կը վերյիշեմ յարգանքով ու կը վշտակցիմ անոնց թոռներուն»։