Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս դրական բաներու օգտակարութեան կը հաւատան. զոր օրինակ, գիտնալու, յիշելու, ամէն բանի մասին տեղեկութիւն ունենալու, շահելու, եւ այլն։ Այս պատճառով, կ՚ուզեն միշտ ունենալ, չկորսնցնել եւ պահել, փոխանակ չունենալու, կորսնեցնելու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հոկտեմբերի 31-ին կը լրանար Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի ընտրութեան եւ պաշտօնի ստանձնման առաջին տարեդարձը:
Աուն, որ նախագահական աթոռ կը հասնէր կերտելէ ետք քաղաքական բաւական «թէժ» համարուած կենսագրութիւն մը, կու գար լրացնել 28 ամիս նախագահի չգոյութեան հետեւանքով ըս-տեղծուած բացը:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անոր աղջկան՝ Սիլվիա Աճեմեանին մղումով եւ հոգատարութեամբ, կը հրատարակուի գիրք մը՝ նուիրուած քաղաքական ծաղրանկարիչին: Անկասկած, Տիրան եղած է ժողովրդավարութեան ամենէն սուր եւ զուարճալի հրացանակիրներէն մին:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Աղանդաւորական շարժումները քրիստոսահաստատ Եկեղեցւոյ սկբզնաւորման շրջանէն սկսեալ քամիի նման դէսուդէն կը փչեն, քրիստոնէական Եկեղեցիէն աւելի՛ բան մը ըրած ըլլալու յաւակնոտութեամբ։ Լորձնաշուրթն աղանդաւորները կը փորձեն «թերահաւատները Աստուծոյ ճամբուն առաջնորդել, խաւարի մէջ խարխափող մարդիկը լուսաւորել, մեղքի թմբիրի մէջ եղողները զգաստացնել եւ մոլորածները ճամբու բերել»՝ զանոնք առաջնորդելով իրենց նախասիրած ուղղութեամբ։
Յօրինող, երաժշտական-հասարակական գործիչ, երաժշտութեան ուսուցիչ, խմբավար Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան օրը՝ Նոյեմբերի 1-ին, անոր գործունէութիւնը գնահատողներն ու ստեղծագործական ժառանգութեան երկրպագուները այցելեցին Սպենդիարեանի շիրիմը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով յօրինողի յիշատակին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հնդկաստան։ Ան երէկ մեկնեցաւ Նոր Տելհի՝ Հնդկաստանի Վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հրաւէրով։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով կը պատրաստուի Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունենալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այդ տեսակցութիւնը նախատեսուած է 16 Նոյեմբերին։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին ան պիտի ուղեւորուի Ուաշինկթըն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Նիսի ծուխի պարագային միշտ առկայ են նուրբ հարցականներ ու բարդութիւններ:
Կանոնագրութեան իւրացումը՝ խնդիրներու կիզակէտին:
Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան, Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օքսայեան տրամադրուած են շատ դրական ու կը ձգտին, որ ամուր լուծում մը գտնուի երկարատեւ այս տագնապին: Իրադարձութիւններու ընթացքը կրնան պայմանաւորել նաեւ ներկայ դատավարութիւնները:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ մեր վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ տիկինները երէկ հանդիպում մը ունեցան Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ առկայ փակուղին կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել համայնքային շրջանակներուն օրակարգը։
Մեքսիքայի նորահաստատ հայ համայնքին համար անգնահատելի զօրակցութիւն:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մեխիքոյի մէջ հիւրընկալուեցաւ աննախընթաց ջերմութեամբ:
Երեւանի ճազի փառատօնը անմոռանալի պահեր կը պարգեւէ երաժշտասէրներուն՝ որակով, մակարդակով:
Օփերայի համալիրէն ներս Արթօ Թունչպոյաճեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ փայլուն ձեռնարկ մը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 1-ին, 106 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ Լեւոն Թորոսեան անունով հայազգի արժանաւոր մանուկ մը, որ կոչուած էր Անրի Թրուայա գրչանունով իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճելու ֆրանսական գրականութեան աշխարհահռչակ տաղանդներու փաղանգին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գերմանիացի նշանաւոր իմաստասէր Հէկէլ արուեստագէտներէն կը պահանջէ ամենէն առաջ՝ կեանքի խորհուրդներուն արտայայտութիւնը։ Իսկ Զօլա գեղարուեստը սահմանած է որպէս «խառնուածքի մէջէն երեւցող բնութիւն» մը. «la nature à travers un temperament»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ս. Քաղաքի հայկական թանգարանի՝ շուրջ քսան տարի վերջ վերաբացման ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին ֆրանսահայ յայտնի պատմաբանի մականին ներքեւ:
Քլոտ Արմէն Մութաֆեան. «Թէեւ ձեռագրապահեստը անմխիթար վիճակի մէջ է, սակայն բարեբախտաբար ձեռագիրները չեն տուժած։ Հարուստ պատմութիւնը յաչս աշխարհին անգամ մը եւս կը պարզէ հայկական մշակոյթի դէմքը։ Մեծ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ սուլթաններու եւ խալիֆաներու հրովարտակները, որոնք կը պահուին Պատրիարքարանէն ներս»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զանազան արարքներ, որ կը կատարուին մարդուս կողմէ, զոր օրինակ, չար կամ բարի արարքներ, կարգ մը ազդակներու արդիւնք են, զոր պէտք է նկատի առնել եղանակաւորելու համար մեր կարծիքը անոնց հեղինակներուն մասին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ սկսան հոգեւոր դասեր։
Շաբաթավերջին Պաքըրգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղան՝ ի նպաստ Տատեան վարժարանի։