Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աստանայի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին մասնակցելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յիսուսի Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը, որուն յիշատակը կը տօնուի որպէս հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը, Իր Աստուածային Բնութեան հաւաստո՛ւմն է։ Լերան վրայ պայծառակերպուեցաւ, եւ աշակերտները՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս իրենց հասկացողութեան եւ կարողութեան չափով հիացմամբ դիտեցին Յիսուսի փառքը՝ Քրիստոս Աստուծո՛յ փառքը, որպէսզի երբ օր մը զԻնք խաչուած տեսնեն, հասկնան թէ Իր չարչարանքները կամաւոր էին եւ աշխարհին աւետեն, թէ Ան Հօր Աստուծոյ իսկական ճառագայթո՛ւմն է։ Եւ տեսնեն, թէ՝ Աստուած «լո՛յս» է։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանէն դէպի Յունաստան զբօսաշրջային ծրարներ առաջարկող երեւանեան բազում ընկերութիւններէն մէկուն գրասենեակն ենք: Տոմսակներ, հիւրանոցներ եւ պտոյտներ առաջարկելուն զուգահեռ, գրասենեակի աշխատակցուհին կը հարցնէ. «Իսկ մուշտակի թուրեր կ՚ուզէ՞ք»

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017

​Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ երկու արժէքաւոր ակադեմականներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Վարագ Գեթսեմանեան եւ Հրակ Աւետանեան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Հայաստանի Յօրինողներու միութիւնը, Օգոստոսի 15-26 թուականներուն միջեւ, Դիլիջանի Եդուարդ Միրզոյեանի անուան երգահաններու ստեղծագործական տան մէջ պիտի իրականացնէ հայ եւ վրացի երիտասարդ երգահաններու եւ կատարողներու երաժշտական ճամբար:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017

Անգլիոյ Առաջին լիկի մեկնարկային փուլին «Մենչըսթըր Եունայթըտ» խումբը իր դաշտին վրայ 4-0 հաշուով առաւելութեան հասաւ «Ուեսթ Հեմ»ի դիմաց։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մէջ յառաջընթաց չ՚արձանագրուիր Ատրպէյճանի պատճառով:
Ըստ Քոչարեանի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան կանխել ռազմական հաւանական զարգացումները:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017

Հայց. Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով ու խանդավառութեամբ նշեց Ս. Աստուածածնի տօնը:
Խաղողօրհնէքը կատարուեցաւ համայն աշխարհի խաղաղութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան մաղթանքներով:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամառ է: Որոշեցինք «արձակուրդ»ի երթալ: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը փախուստ մըն է առօրեայէն: Վերանորոգուելու արդար փորձ մը: Այսինքն՝ օրերդ տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով ակնկալութիւն մը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

​Բնականաբար արհեստագիտական գլխապտոյտ պատճառող նորութիւնները, իրենց օգուտներուն կողքին, ունին նոյնպէս անխուսափելի վտանգներ, որոնք առաջին հերթին կը հարուածեն ամենէն անպաշտպան հաւաքականութիւնները, որոնց շարքին՝ երեխաները:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շահան Շահնուր գրողէն  բացի գոյութիւն ունի այլ Շահնուր մը, որուն արեան եւ երակներուն մէջ մէջ հաւասարաչափ կիրքով կը վազէ հրապարակախօս մարդուն տագնապը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Գեղեցկանալու կամ գեղեցիկ երեւնալու մարմաջը իւրաքանչիւր մարդ արարածի ձգտումն է։ Եթէ գեղեցիկ ես, ուրեմն բոլոր դռները քու դիմացդ բաց են, իսկ մերժուելու հաւանականութիւնը շատ քիչ է։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազատութիւնը կարողութիւն մըն է, որ մարդ գործելու կամ չգործելու, ընելու կամ չընելու, մէկ խօսքով՝ ինքնակամ շարժելու առիթը կ՚ունենայ։ Այս իմաստով, մարդկային ազատութիւնը՝ արարքներու բնորոշի՛չն է։

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017

Գումգաբուի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տնօրինութեամբ Պատրիարքարանէն ներս կատարուած են կարգ մը նշանակումներ։

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017

Պետրոս Շիրինօղլուի նախաձեռնութեամբ կարեւոր ժամադրութիւն Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շուրջ մէկուկէս ժամ տեսակցեցաւ Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Ազիզ Մերճանի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան:
Նորին սրբազնութիւնը խնդրեց՝ որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ կարգադրութիւնները արագացուին:

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Ալ Նուսրա» ճակատը, անցեալ տարուան Օգոստոսին ազատ կ՚արձակէր լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի հինգ զինեալներ, որոնք գերեվարուած էին Սուրիոյ մէջ: Անոնց ազատ արձակումը կը կատարուէր նախօրօք եղած համաձայնութեամբ, որուն գլխաւոր կէտերէն մին էր «Ալ Նուսրա»ի զինեալներուն, անոնց ընտանիքներուն ու համակիրներուն Արսէլէն տարհանումը դէպի Իտլիպ:

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ժողովուրդի լայն զանգուած մը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարը կ՚ընկալէ որպէս «Խաղողի օրհնութեան» տօն։ Այս մէկը այն աստիճան ընդհանրացած է, որ մեր հարեւանները նոյնիսկ այս օրը կը կոչեն «Խաղողի տօն»։

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Մի՛ վախնար Մարիամ,
որովհետեւ Աստուծմէ շնորհք գտար»
(Ղուկ. 1. 30)

Այս տարի եւս ուրախութեամբ կ՚առաջնորդուինք Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի խորհուրդին ընդմէջէն անգամ մը եւս մտածելու Տիրամօր մասին։

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ս. Մարիամ Աստուածածնի ննջման եւ վերափոխման յիշատակի տօնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ «տաղաւար» կոչուած հինգ մեծ տօներէն մէկն է՝ որ կը կատարուի Օգոստոս 15-ի մերձակայ, այսինքն՝ Օգոստոս 12-էն մինչեւ 18 հանդիպող Կիրակին։ Այս տարի Վերափոխման յիշատակի տօնը կը կատար-ւի 13 Օգոստոսին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2017

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Մաքսանենգութիւնը դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ապօրինի միջոց մըն է՝ որ կը գործածուի արագ ձեւով հարստանալու համար։ Մաքսանենգները ընդհանրապէս ճարպիկ մարդիկ են, որոնք յաճախ կ՚օգտագործեն պարզամիտ, անմեղ անհատներ՝ որովհետեւ անոնք աչքի չեն զարներ, մաքսատուներու գործողութեանց ընթացքին։

Էջեր