Արխիւ
Վերջին երկու շաբթուան ընթացքին Մխիթարեան վարժարանը ընկերամշակութային ձեռնարկներու տեսակէտէ ապրեցաւ բաւական բեղուն շրջան մը: Այսպէս՝ վարժարանի չորրորդ դասարանի աշակերտները 17 Մայիս, Չորեքշաբթի օր, այցելեցին Թուրքիոյ Ողնածուծի անդամալոյծներու միութիւնը:
Էսաեան վարժարանէ ներս ընթացքի մէջ է «Գիտութիւն՝ ամէն ինչի համար» քառօրեայ ծրագիրը, որու բացումը կատարուեցաւ երէկ։ Դպրոցի դասարաններն ու այլ զանազան բաժանմունքները յատկացուած են դպրոցի աշակերտներուն կողմէ մտայղացուած ու կեանքի կոչուած գիտական զանազան նախագիծերու ներկայացման։

Այս տարի եւս, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ, Յուլիսի 10-30 թուականներուն միջեւ, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայկական երաժշտութեան նուիրուած խտացեալ դասաւանդութիւն՝ «Երաժշտական Հայաստան» խորագրին ներքոյ։ Այս ձեռնարկը առիթ կ՚ընծայէ մասնակիցներուն, որպէսզի անոնք մարզուին վարպետ երաժիշտներու ձեռամբ, միաժամանակ՝ մօտէն ծանօթանալով Հայաստանի երաժշտական կեանքին եւ անոր տեսարժան վայրերուն:
Հալէպի մէջ ընդհանուր վիճակը լաւ է, քաղաքի վերականգնման աշխատանքները բնականոն հունով կ՚ընթանան: Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեանի խօսքով՝ Հալէպի ազատագրումէն ետք իրավիճակը աւելի լաւ է, նախկին անապահովութեան վիճակը չկայ:
Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրները:
Վերսայի պալատի երդիքին տակ նախագահները կանգ առին Սուրիոյ տագնապին եւ Ուքրայնոյ կացութեան վրայ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը բոլորեց իր ծաւալուն գործունէութեան քառորդ դարը:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան հերթական ժողովը՝ գլխաւորութեամբ Սերժ Սարգսեանի:
Ալեքսանդրոփոլի մետրապոլիտը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Աթէնքի արքեպիսկոպոսին ողջոյնը:
Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց երկու եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն համար:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յուշագրային գրականութիւնը միշտ փնտռուած ժանր մը եղած է: Դժբախտաբար, հայ գրականութեան մէջ գրողները յաճախ չեն դիմած վաւերագրական այդ ժանրին, որուն միջոցաւ հնարաւոր կ՚ըլլար ծանօթանալ անոնց կեանքի յատկանշական մանրամասնութիւններուն:
Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց մեզի վայելելու այս նուիրական օրը, վերստին շնչելու Էսաեան վարժարանի օրհնաբոյր մթնոլորտը, վերաթարմացնելու մեր աշակերտական քաղցր եւ անմոռանալի յուշերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու միջինարեւելեան քաղաքականութեան համար արաբ-իսրայէլեան օղակէն ետք հիմնական «գետին» կը համարուի Լիբանանը եւ յատկապէս երկրէն ներս գործող «Հիզպուլլահ»ը: Ու այս առումով ամերիկացիներուն համար շատ բացայայտ կերպով խնդիր դրուած է տարբեր միջոցներ գործի դնելով ոչ միայն մեկուսացնել այդ զինեալ կազմակերպութիւնը, այլ գտնել այնպիսի գործօններ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ «Հիզպուլլահ»ը դարձնել անդամալուծուած կառոյց մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հին օրերու՝ պատանեկան տարիներու բարեկամներ երբ տարիներ վերջ, իրենց յառաջացած տարիքին իրարու հանդիպին ի՞նչ կ՚ըլլայ անոնց առաջին խօսքը։ Հաւանաբար. «Ո՜րքան փոխուեր ես», կ՚ըսէ մէկը միւսին եւ նոյնը՝ միւսը իրեն։
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկանց կազմի համերգը։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Աւանդական այս ձեռնարկը հանդիսացաւ սերունդներու մեծ ու խանդավառ ժամադրութեան մը թատերաբեմը։
Էսաեան վարժարանին մէջ այս օրերուն վերստին կը տիրէ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին մեծ հրճուանքը։ Սա էսաեանցիներու տարեկան մեծ տօնն է, որ հերթական անգամ առիթ կը հանդիսանայ հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաներուն համախմբման։
«Լոյս» տարեկան պատուոյ մրցանակը շնորհեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհիին:
Նատիա Գօչունեանի պարգեւը յանձնեցին Արամ Քուրան եւ Շահնուր Գազանճը՝ տեսահոլովակի մը ցուցադրութեան զուգահեռ:
Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ հանդիսաւոր երեկոյթ:
«Աւրորա» մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ կաթոլիկ միսիոնար ու բժիշկ Թոմ Քաթինայի, որ տիրացաւ մէկ միլիոն տոլարի:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ պարգեւատրեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիրը:
Մայիսի 28-ի տօնին առթիւ Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ Արա Գօչունեանին յանձնեց «Մովսէս Խորենացի» մետայլը:
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանը շաբաթավերջին մեծարանքի հանդիսութիւնով մը պատուեց յայտնի մտաւորական Երուանդ Պարէտ Մանոքը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԹԵՀՐԱՆԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ԴԱՇԻՆՔ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելք տուած այցելութենէն ետք ջուրի երես կը հանուէր Ամերիկայի միջինարեւելեան «նոր» քաղաքականութեան ընդհանուր ուրուագիծը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արուեստագէտներ, ընդհանրապէս եւ բնականաբար վերջին աստիճան զգայուն՝ նուրբ տպաւորութիւններ իւրացնող եւ արտայայտող անձնաւորութեան տէր՝ փափկանկատ եւ երբեմն ալ հոգեպէս դիւրաբեկ կամ դիւրագրգիռ նկարագրով անձեր կ՚ըլլան։