Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2016

Ֆութ­պո­լի հայազգի ան­ցեա­լի նախ­կին աստղ, մար­զիչ, ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան Նի­քի­թա Սի­մո­նեան իր ծննդեան 90-ա­մեա­կին օ­րը դար­ձաւ Ռու­­սաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք 2018 թուականի հա­մաշ­խար­հա­յին ֆութ­պո­լի ա­խո­յե­նու­թեան մրցա­շար­քի դես­պան: Ան իր յու­շա-վ­ըկա­յա­գի­րը ստա­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2016

Ցա­ւով տե­ղե­կա­ցանք, որ Փա­րի­զի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է սփիւռ­քա­հայ ե­րէց սե­րուն­դի գրող­նե­րէն Մով­սէս Պը­չաք­ճեան։ Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ան ու­նե­ցած է ա­ռող­ջա­կան վե­րի­վայ­րում­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով փո­խադ­րուած է հի­ւան­դա­նոց, սա­կայն դժբախ­տա­բար ի­րեն մա­տու­ցուած խնամ­քը մնա­ցած է ան­բա­ւա­րար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել Տքթ. Գ. Ա­մա­տեա­նի «Գերզ­գա­յուն Խառ­նուածք»ի մա­սին բժշկա-հո­գե­բա­նա­կան-մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը՝ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր բնա­տի­պին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) զանազան թեւերը վերջին օրերուն Երեւանի մէջ վերստին ժողովներ գումարեցին՝ վերամիաւորման որոնումներով:
Սփիւռքահայ բազմամեայ կուսակցական գործիչ, երէց սերունդի յայտնի մտաւորական Երուանդ Ազատեան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «IEEE EWDTS՚ 2016՝ Ա­րե­ւելք-Ա­րեւ­մուտք. նա­խագ­ծում եւ թեսթ» մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը։ Մայ­րա­վան­քի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս սկիզբ տուաւ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուե­լիք տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէ­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դը գեր­մարդ­կա­յին ջան­քեր ի գործ կը դնէ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի եր­թը կա­յուն պա­հե­լու հա­մար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ օր չ՚անց­նիր, որ նոր ող­բեր­գու­թիւն մը չպա­տա­հի Հա­լէ­պի մէջ։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ այս ե­րե­ւոյ­թը ա­մէն օր նոր ու ջլա­տիչ ող­բեր­գու­թեան մը ծնունդ կու տայ նաեւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

Թոմաս Տը Վաալ յոռետես կանխատեսումներ ունի Ատրպէյճանի պարագային:
Իլհամ Ալիեւի միակ փափաքն է՝ իր ստեղծած քաղաքական համակարգի պահպանումը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի շուր­ջի բո­լոր ճա­նա­պարհ­նե­րը նա­խըն­թաց օր փա­կուած էին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

«Անցեալի պահպանութիւն՝ յանուն ապագայի»խորագրեալ գիտական կարեւոր հաւաք մը:
Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան Պատրիարքարանի անունով ներկայ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

Ըստ Փենթակոնի, Մուսուլի գործողութեան առաջին օրուան արդիւնքը նախատեսուածէն աւելի լաւ է:
ԻՇԻՊ ծանր վնասներ կը կրէ - Տասներկու գիւղ ազատագրուած: Միջազգային գետնի վրայ բուռն իրադարձութիւններ: Իւմիտ Եալչըն շփումներ ունեցաւ Պաղտատի, իսկ զօր. Հուլուսի Աքար՝ Ուաշինկթընի մէջ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի օ­րերս Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցը մի քա­նի ա­ռում­նե­րով կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ կը փո­խան­ցէ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016

ԱՍ­ՊԵՏ ՄԱՆ­ՃԻ­ԿԵԱՆ

222 տա­րի ա­ռաջ, 14 Հոկ­տեմ­բեր 1794-ին Հնդկաս­տա­նի Մատ­րաս քա­ղա­քին մէջ հիմ­նադ­րուե­ցաւ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր պար­բե­րա­կա­նը՝ «Ազ­դա­րար»ը, ո­րուն ա­ռա­ջին թի­ւը լոյս տե­սաւ 16 Հոկ­տեմ­բե­րին:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Հա­ւա­տա­ցեալ չեմ: Ան­հա­ւատ ալ չեմ: Հա­ւա­տա­ցեա­լին ու ան­հա­ւա­տին մի­ջեւ ա­մե­նա­մօտ ա­ծա­կա՞­նը: Հա­ւա­նա­բար՝ թե­րա­հա­ւատ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

ԶԱՄ­ԲԻՒ­ՂԸ

Ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թով դաշ­տագ­նա­ցու­թեան զամ­բիւղ մըն է սա (picnic basket), սա­կայն խոր­քին մէջ՝ ու­րիշ բան է այդ։ Հի­մա թոյլ տուէք բա­ցատ­րեմ եւ վստահ եմ պի­տի զար­մա­նաք։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այս ա­ռա­ւօտ կա­նուխ սկիզբ ա­ռաւ ի­րա­քեան Մու­սուլ նա­հան­գի Ի­ՇԻՊ-էն ա­զա­տագ­րե­լու ճա­կա­տա­մար­տը: Այս մա­սին յայտ­նող աղ­բիւր­ներ հա­ւաս­տե­ցին, որ ա­մե­րի­կեան կոր­ծա­նիչ­ներ Ի­ՇԻՊ-ի դիր­քե­րու ուղ­ղու­թեամբ «խե­լա­ցի» հրթիռ­ներ ար­ձա­կե­լով ազ­դան­շա­նը տուին այդ պա­տե­րազ­մին:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016

Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ Հոկ­տեմ­բե­րի 1-էն սկսեալ ու­սումա­ռու­թիւն սկսած է 550 սփիւռ­քահայ եւ 420 օ­տար ու­սա­նող: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, այս մա­սին յայտ­նած է Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ար­տա­քին կա­պե­րու եւ սփիւռ­քի վար­չու­թեան պետ Ար­թուր Ղա­զա­րեան՝ նշելով, որ Հա­յաս­տա­նի մի­ջին մաս­նա­գի­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ դի­մած է 70 սփիւռ­քա­հայ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016

Ան­յի­շե­լի ժա­մա­նակ­նե­րէ գի­նին ե­ղած է մարդ­կա­յին կեան­քի եւ մշա­կոյ­թի մէկ մա­սը: Հին Յու­նաս­տա­նի մէջ գի­նին գո­վեր­գած են պատ­միչ­նե­րը, բա­նաս­տեղծ­նե­րը եւ այլք: Գի­նիի մա­սին ի­րենց աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած են նաեւ Ե­զով­փո­սը եւ Հո­մե­րո­սը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016

Փութինի խօսքերով, ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովին ընթացքին քննարկուած է նաեւ ղարաբաղեան հարցը:
Ըստ ռուս նախագահի, շօշափուած են նախկին Սովետական միութեան երկիրներուն միջեւ առկայ լարուածութիւնները եւ իրենց համար կարեւոր չէ, թէ այս կամ այն նախկին խորհրդային հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի անդամ է կամ ոչ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան սկիզ­բին քա­ղա­քիս մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ պատ­մա­բան ու կրթա­կան մշակ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի ու­սում­նա­սի­րա­կան եր­կին շնոր­հան­դէ­սը։

Էջեր