Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2016

Կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնով հանդերձ, Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ սադրանքները կը շարունակուին։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հասան Ռուհանիի եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ։ Տիմիթրի Մետվետեւ կ՚այցելէ Երեւան։ Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանին մէջ։ Սէրկէյ Լաւրովն ալ պիտի այցելէ Հայաստան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Մոս­կուա պի­տի այ­ցե­լէ այս Ուր­բաթ՝ Ապ­րի­լի 8-ին։ Ան հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ վա­ղը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ այս շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած է Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ բռնկած բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով այդ ժո­ղո­վը յե­տաձ­գուե­ցաւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուի Պեր­լի­նի մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եոա­խիմ Կաու­քի, Պուն­տես­տա­կի նա­խա­գահ Նոր­պերթ Լամ­մեր­թի, Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայ­նմա­յէ­րի հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Վարչապետ Տավուտօղլու անիծեց Հայաստանի կողմէ գործուած յանձակումները Ատրպէյճանի վրայ:
Խորհրդարանի երեք կուսակցութիւններուն յայտարարութիւնը:
Ըստ Չավուշօղլուի, անհրաժեշտութեան պարագային Պաքուի կողքին ըլլալը չի նշանակեր բախումներու դրդել զայն:

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Ար­ցա­խի ճա­կա­տի վեր­ջին բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած հայ զի­նուոր­նե­րուն յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ինչ­պէս Ար­ցա­խի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու, այն­պէս ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ սգա­հան­դէս­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Արցախի ճակատին վրայ երկկողմանի համաձայնութեամբ երէկ կէսօրուան ժամերուն որոշուեցաւ կրակը դադրեցնել առաջնագծին, ներկայ յարաբերական կայունութեան մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը ատեն­-ատեն կը շարունակեն կրակել, բայց ոչ նոյն թափով, իսկ գիշերը հանգիստ էր:
Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր ողջունեց շփման գծին ապահովուած լիցքաթափումը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը շա­րու­նա­կէ Ար­ցա­խի մէջ յա­ռա­ջա­ցած ճգնա­ժա­մի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը բե­րել հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան։ Հա­մայն հա­յու­թեան մտա­հոգ սպաս­ման մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ ա­ռա­ւօտ, հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին մի­ջեւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց վեր­ջերս Ամս­թեր­տա­մի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Հա­մաեւ­րո­պա­կան խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցած իս­թան­պու­լա­հայ մար­զիկ­նե­րը։ Այս­պէս, Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լե­ցին Հայ­կա­րամ Գա­րա­սու, Շահ­նուր Գա­զան­ճը, Սե­ւան Տեւ­լէ­թեան, Պու­րակ Էլ­վան, Հեր­ման Պի­պէ­ռեան, Ա­ռէն Օլ­կուն­տե­միր, Ար­ման Խու­պե­սէ­րեան, Ար­տա Տօ­նի­կօղ­լու եւ Ռո­պին Միր­զա­խա­նեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ըն­կեր» թա­տե­րա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­մը։ «Քա­պա­րէ» ա­նուն խա­ղը թա­տե­րա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ՝ բե­մադ­րիչ Ա­րաս Նա­սի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Եր­կու թա­տե­րակ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ ներ­կա­յա­ցում մըն է այս մէ­կը, որ ար­ժա­նա­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու հե­տաքրք­րու­թեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

ԺԱՆ ՀԱԼ­ԼԱ­ՃԵԱՆ

«Գա­նա­տա կայք հաս­տա­տե­լու ա­ռի­թը պէտք չէ վե­րա­ծել նո­րա­ձե­ւութ­եան, «մո­տա»ի հե­տե­ւե­լու հեւ­քոտ ճի­գի, ա­ւե­լին՝ ար­կա­ծախնդ­րա­կան ծրա­գի­րի մը»

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Մա­հա­ցաւ 65-ա­մեայ Զա­հա Մու­համ­մէտ Հա­տիտ, որ կը հա­մա­րուի աշ­խար­հի ա­մե­նա­յայտ­նի կին ճար­տա­րա­պե­տը, ծա­գու­մով ի­րաք­ցի բրի­տա­նու­հի մըն է։ Ան ծնած է 31 Հոկ­տեմ­բեր 1950 թուա­կա­նին, Պաղ­տատ, Ի­րաք։ Իսկ ան մա­հա­ցաւ Մար­տի 31-ին, Մա­յա­մի­ի մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փոր­ձե­ցէ՛ք դի­տել կեան­քը, դի­տել բնու­թիւ­նը, հոն նմա­նու­թիւն­ներ պի­տի չգտնէ՞ք Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դին հետ։ Կեան­քը՝ որ կ՚ըն­թա­նայ զա­նա­զան պա­տա­հար­նե­րով, տե­սակ տե­սակ ե­րե­ւոյթ­նե­րով, ը­սենք՝ ե­լե­ւէջ­նե­րով, եր­բեմն ու­րա­խու­թիւն­նե­րով, եր­բեմն տրտմու­թիւն­նե­րով, յա­ճախ չար­չա­րանք­նե­րով, տան­ջանք­նե­րով, նե­ղու­թիւն­նե­րով, ցա­ւե­րով ու վիշ­տե­րով, ո­րոնց վեր­ջա­ւո­րու­թեան մարդ կը հաս­նի ու կը հանգ­չի մա­հուան ան­խու­սա­փե­լի ե­րե­ւոյ­թով եւ ի վեր­ջոյ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան՝ ան­մա­հու­թեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Հնա­գէտ­նե­րը Նե­ղոս գե­տի ա­փին նա­խա­պէս ան­յայտ դամ­բա­րա­նա­դաշտ մը յայտ­նա­բե­րած են, որ կազ­մուած է քա­ռա­սու­ներ­կու ժայ­ռա­փոր գե­րեզ­մա­նէ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղո­վուր­դը ինք­նա­բուխ օ­ժան­դա­կու­թեան շար­ժու­մի մը ծնունդ տուած է՝ զօ­րակ­ցե­լու հա­մար Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին։ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին ստեղ­ծուած են հա­ւա­քա­կէ­տեր, ուր կա­մա­ւոր­նե­րը կը ստանձ­նեն ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ տրա­մադ­րուած օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016

Ճոն Քերի, Սէրկէյ Լաւրով եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր հեռախօսազրոյցներ ունեցան Արցախի իրադրութեան շուրջ:
Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդը յատուկ ժողով մը կը գումարէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ - Թիֆլիզէն եւ Թեհրանէն կը հնչեն կոչեր:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016

«Եթէ ռազմական գործողութիւնները շարունակուին եւ ստանան լայն ծաւալ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016

Ա­թա­գիւ­ղի «Աս­լը Չա­քըր Ալփ­թե­քին» հա­մա­լի­րէն ներս ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Գալ­ֆաեան Տան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած մարմ­նա­մար­զի միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ա­ւան­դա­կան խրախ­ճան­քը։ Այս տա­րի 11-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քը ձօ­նուած էր Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ա­շա­կերտ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նակ­ցե­ցան «Պիլ­ֆէն» նա­խակր­թա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի վե­ցե­րորդ մրցա­շար­քին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016

Գա­րա­կէօ­զեան Տան ա­շա­կերտ­նե­րէն Ա­ռէն Տե­միր­ճի եւ Ա­լեք­սան Զա­րու­քի շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նակ­ցե­ցան «Պիլ­ֆէն»ի ճատ­րա­կի մրցա­շար­քին։

Էջեր