Արխիւ
«Պողազիչի» համալսարանէն ներս «Բազմացող ձայներ»ու համերգաշարը:
Սփիւռքահայ երաժիշտ Հայկ Եազըճեան երաժշտասէրները հմայեց ուտի նուագներով:
Պոլսահայ երաժշտական կեանքէն երկու համակրելի դէմքեր՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու վերջերս այցելեցին Հայաստան։ «Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անոնց ուղեւորութիւնը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս առթիւ, թաղի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ անոնք ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Սկիւտարի քաղաքապետարանը երէկ համախմբեց մրցանակակիր արուեստագէտներ:
Մեներգչուհի Սիպիլ, որ այսօր կը մեկնի ԱՄՆ, ներկայացուց հայերէն երգեր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Աթէնքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ Աթէնքի մէջ կը գտնուի միջազգային համագումարի մը մասնակցելու նպատակով, հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Յունաստանի պետական աւագանիին հետ։
Հոկտեմբերի 23-25 թուականներուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքը՝ Ապու Տապիի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ժուտոյի երիտասարդական ախոյենութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան՝ երեք մարզիկով:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
221 տարի առաջ, 14 Հոկտեմբերը նոր հորիզոն բացող տարեթիւ մը դարձաւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ։
Նորաձեւութեան եւ ոճի բնագաւառի հեղինակաւոր հանդէսներէն մէկուն՝ Vogue-ի ռուսական տարբերակի խմբագրութիւնը Victoria’s Secret ընկերութեան «հրեշտակ» Սթելլա Մաքսուէլի հետ արշաւ կազմակերպած է Հայաստանի մէջ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական երաժշտական աշխարհի առանցքային սիւներէն ԳՈՀԱՐ համոյթը կը պատրաստուի համերգաշարի մը ձեռնարկել իր նոր խմբավարին՝ Նաթալի Գալստեանի մականին ներքեւ:
Պէյրութի յառաջիկայ ելոյթներուն ընդառաջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Կիւմրիի մէջ ականատես եղաւ ստեղծուած մեծ խանդավառութեան:
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Պետական այցելութեան շրջագծով Նախագահ Մարկվելաշվիլի եւ Առաջին տիկին Մակի Չիչուա ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երուսաղէմի մէջ։
Հոլանտահայութիւնը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Հրանոյշ Յակոբեանը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը մասնակցեցաւ Ս. Հոգի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 300-ամեակին:
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի շաբաթավերջին Թուրքիա կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ յայտնի կը դառնայ, որ Իսթանպուլի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ հայկական հարցը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ հայ մշակոյթի շաբաթը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Թարգմանչաց տօնին եւ մշակոյթի շաբթուան առթիւ համայնքային վարժարաններու աշակերտներն ալ համախմբուեցան Օրթագիւղի մէջ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր մարզական աշխարհի յայտնի եւ արդէն անմոռանալի անուններէն Սարգիս Չալըշ, որ անցեալի մէջ եղած էր Թաքսիմ մարզակումբի դարպասապահներէն մին։ Իր յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոնումներու մէջ:
Ատենապետ Մանուկ Էօղէր. «Այլեւս պէտք է կեդրոնանալ մեր համայնքի ապագային համար մարդուժ պատրաստելու վրայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած՝ բնութեամբ սէր եւ ճշմարտութի՛ւն է։
Ան ճշմարտութիւն է, քանի որ Ան լո՛յս է եւ Անոր մէջ չկա՛յ երբեք խաւար (Ա. ՅՈՎՀ. Ա 5) եւ Աստուած սէ՛ր է (Ա. ՅՈՎՀ. Դ 8), որովհետեւ Ան Ինքզինք յայտնեց «շնորհքով ու հաւատարմութեամբ» (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բախտ», «դիպուած», «պատահար» կ՚ըսեն շատեր այն դէպքերուն՝ որոնց պատճառը յայտնի չ՚ըլլար եւ կը պատահին անակնկալ կերպով։ Բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, որ ո՛չ մէկ իրողութիւն, ո՛չ մէկ իրադարձութիւն կամ դէպք կը պատահի առանց պատճառի։
Երեւան-Թեհրան վերջին պայմանաւորուածութիւնները կրնան նոր փուլի մը սկիզբը դնել։
Հայաստան եւ Իրան թափ կու տան ուժանիւթի եւ փոխադրութեան բնագաւառներու համագործակցութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող 48 ժամերուն լրատուական ծառայութիւններու գլխաւոր հետաքրքրութիւնը Հալէպի շուրջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններն են: Սուրիոյ մէջ գրեթէ երկու շաբաթէ ի վեր սկիզբ առած ռուսական միջամտութիւնը սկսած է շատ արագ արդիւնքներու հասնիլ:
Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը երէկ հիւրընկալեցին Գերմանիոյ շանսէօլիէն:
Անկելա Մերքէլի շփումներուն շրջագծով համաձայնութիւն՝ առանցքային նիւթերու շուրջ: