Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յայտ­նի ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ՝ կիր­քե­րը ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն մար­դուս ա­ռող­ջու­թեան վրայ։ Երբ կ՚ըն­դու­նինք կիր­քե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­ռող­ջու­թեան վրայ, ա­պա ու­րեմն ի՞նչ է «կիրք»ը։ Ա­մե­նա­պարզ բա­ցատ­րու­թեամբ՝ կիր­քը հո­գիին զօ­րեղ շար­ժո­ղու­թիւնն է։ Եւ երբ ո­րե­ւէ տպա­ւո­րու­թիւն, մար­դուս մէջ սաս­տիկ կեր­պով կ՚արթնց­նէ հա­մա­պա­տաս­խան զգաց­մունք­ներ՝ ո­րոնք մտքի ըն­թաց­քը յան­կար­ծա­կի կեր­պով կը փո­խեն, այդ ժա­մա­նակ նկա­տե­լի կ՚ըլ­լայ՝ «հո­գե­կան յու­զում», այ­սինքն՝ կի՛րք. (Կիրք=emotion, affect)։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

ՊԱՅԾԻԿ ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

(Կը նուի­րեմ սի­րե­լի ա­շա­կերտ­նե­րուս՝ Սօ­սին, Ար­տեո­մին, Ժի­րայ­րին ու Վահ­րա­մին, ո­րոնք երկ­րա­շար­ժի ա­հա­ւոր ա­ղէ­տէն ետք Մել­գո­նեան բե­րուե­ցան ու­սում ստա­նա­լու)
Այ­սօր հա­մայն հա­յաշ­խար­հը կ՚ո­գե­կո­չէ Սպի­տա­կի ու Լե­նի­նա­կան (Կիւմ­րի)ի երկ­րա­շար­ժի 27-րդ տա­րե­լի­ցը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

Ռու­սաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռի հսկա­նե­րէն «Կազփ­րոմ» ըն­կե­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս Ի­րա­նի հետ աշ­խա­տանք կը տա­նի Հա­յաս­տան կազ մա­տա­կա­րա­րե­լու փո­խա­նակ­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հար­ցին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ «Կազփ­րոմ» Ռու­սաս­տա­նի բնա­կան կա­զի պե­տա­կան ըն­կե­րու­թիւնն է եւ ա­նոր ղե­կա­վա­րը՝ Ա­լեք­սէյ Միլ­լէր Լիւք­սեմ­պուր­կի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է Վրաս­տա­նի փոխ-վար­չա­պետ, ու­ժա­նիւ­թի եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու նա­խա­րար Քա­խա Քա­լա­ծէի հետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած հա­մա­լիր հե­տա­խու­զա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շրջագ­ծով ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ Ար­մա­ւի­րի մար­զի բնա­կիչ Գա­րիկ Խա­չի­կի Մա­րու­քեան (1977)։ Վե­րո­յի­շեալ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­պա­հո­վուած տուեալ­նե­րու լոյ­սին տակ 4 Դեկ­տեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին ձեր­բա­կա­լուած է երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն Գա­րիկ Մա­րու­քեան, որ ե­ղած է պա­հես­տա­զօ­րի գնդա­պետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015

«Որքան որ հին է Եւրոպայի քաղաքակրթութիւնը, այնքան եւ հին են անոր հետ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կապերը»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի համոզմամբ, նոր էջ մը կը բացուի Երեւան-Պրիւքսէլ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան մէջ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ե­րի­տա­սար­դը կի­թա­ռը ձեռ­քը ա­ռած կը հպի լա­րե­րուն։ Վար­պետ հպում­նե­րու իբր հե­տե­ւանք գե­ղե­ցիկ, հա­յա­բոյր ե­րաժշ­տու­թիւն մը կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ մտքե­րու մէջ խո­րա­սու­զուած այս պա­հուն։ Ան թռիչ­քով մը փո­խադրուած է շատ գե­ղե­ցիկ վայր մը, ուր յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէր պա­տա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի կառավարութեան նորկառոյց մասնաշէնքը նշանակութիւն ունի թէ՛ վարչական եւ թէ ճարտարապետական տեսանկիւնէն:
Ընդարձակ համալիրը արդէն եկած է համալրելու մայրաքաղաքի համայնապատկերը՝ իր շքեղութեամբ, առանձնայատկութիւններով եւ լուսաւորութեամբ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Հայ մարմ­նակր­թա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, որ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ներ­կայ կազ­մը ընտ­րուած էր ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րուած 11-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ Ա­րեւ­մուտ­քին հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նե­լէ վերջ՝ Ի­րան ներ­կա­յիս կը նա­խա­տե­սէ բազ­մա­կող­մա­նի քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել տնտե­սու­թիւ­նը թա­փով զար­գաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Թեհ­րան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կած է ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ժա­նիւ­թա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ պայ­մա­նագ­րեր կնքե­լու կար­գը՝ փոր­ձե­լով 30 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի նոր ներդ­րում­ներ ներգ­րա­ւել։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Փե­քին։ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցզին­փի­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան այս օ­րե­րուն աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ դէ­պի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­րէն Միր­զո­յեան ԱՄՆ-ի Գոնկ­րէ­սէն ներս կը մաս­նակ­ցի Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած եւ ա­ւան­դա­կան դար­ձած տա­րե­կան ձեռ­նար­կին, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս կու գայ ե­լոյ­թով մը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ թա­փով։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն դար­ձեալ ապրուե­ցաւ լա­րուա­ծու­թիւն։ Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ատր­պէյ­ճան շա­րու­նա­կած է թա­փով խախ­տել հրա­դա­դա­րը՝ շուրջ 250 ան­գամ։ Ա­զէ­րի զօր­քե­րը օգ­տա­գոր­ծած են զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­ներ, ա­կա­նա­նե­տեր, նըռ-նա­կա­նե­տեր եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ հայ դիր­քա­պահ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կած են 2700 կրա­կոց։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն յոր­դո­րեց ոչն­չաց­նել աշ­խար­հի բո­լոր մի­ջու­կա­յին զէն­քե­րը։ Ե­րէկ, ան այս­պի­սի կո­չով մը հան­դէս ե­կաւ՝ Սէու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը առ­թիւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջեւ ի­րա­ւա­կան շրջա­նա­կա­յին նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ե­րէկ սկսան Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Սոյն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կը ազ­դա­րա­րե­ցին՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Եւ­րո­միու­թեան միաս­նա­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի։ Եւ­րո­միու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիէն ներս այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկիզ­բը ազ­դա­րա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ելոյթով մը մեկնաբանեց Սահմանադրութեան բարեփոխման շաբաթավերջի հանրաքուէն:
Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, յառաջիկայ ընտրութիւններու արդիւնքին պէտք չէ ըլլան ամէն ինչ ստացածներ եւ ամէն ինչ կորսնցուցածներ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

​Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան:
Մոսկուա ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ կը բերէ թրքական զօրքերու Մուսուլի մէջ կատարած վերջին կուտակումը: Մեսուտ Պարզանի պիտի այցելէ Թուրքիա: Իրաք Գերմանիոյ հրաւէր ուղղեց՝ իր զինուորներու մարզման համար:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­տե­լու­թիւ­նը մո­լու­թիւն մըն է՝ որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ու­րիշ մո­լու­թիւն­նե­րու, զոր օ­րի­նակ՝ խա­բէու­թեան, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­կա­խօ­սը. «Ա­տո­ղը իր շրթունք­նե­րը կը կեղ­ծէ ու սրտին մէջ նեն­գու­թիւն կը պա­հէ։ Ա­նոր գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րուն մի՛ հա­ւա­տար, քա­նի որ ա­նոր սրտին մէջ եօ­թը զզուե­լի բան կայ։ Ան որ իր ա­տե­լու­թիւ­նը նեն­գու­թեամբ կը ծած­կէ, ա­նոր չա­րու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին մէջ պի­տի յայտ­նուի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

​ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ​

Բա­ժա­նու­մը, խզու­մը ծանր է, մա­նա­ւանդ՝ «Ֆէյս­պուք»ի վրայ:

Չկայ զգա­ցում մը, այն­քան նման՝ ստա­մոք­սի պրկու­մին, որ դուք կ՚ու­նե­նաք, երբ պա­տա­հա­բար կը տես­նէք նա­մա­կագ­րու­թիւն մը ձեր եւ նախ­կին սի­րե­լիին մի­ջեւ, ա­ւե­լի եր­ջա­նիկ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ: Նոյ­նիսկ ա­ւե­լի դա­ժան է, երբ կը նկա­տէք, որ ա­նոր մա­կա­նու­նը փո­խուած է այդ ա­տե­նէն ի վեր:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

ՖԻ­ՖԱ-ն հ­րա­պա­րա­կեց 2015 տարո­ւան վեր­ջին դա­սա­ւո­րու­մը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

«Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-
Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ  թե­լադ­րա­կան խօսք ու­նե­նա­լու կոչուած ընդ­դի­մա­դիր գոր­ծիչ­ներ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ ան­լուրջ  մօ­տե­ցում­նե­րով կը փոր­ձեն հան­դէս գալ մտա­ծե­լով, որ ի­րենց ա­րարք­նե­րը պի­տի շա­հին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը:

Էջեր