Արխիւ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Արարողութեան նախագահեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Յարութիւն Սրկ. Գույումճեան, Արամ Սրկ. Պուլտուքեան եւ այլ դպիրներ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին ձօնուած տօնը։ Աւագ շաբթուան սկիզբին ընդառաջ, Ծաղկազարդի ցնծութիւնը հոգեւոր հրճուանքով համակեց հայ քրիստոնեայ հաւատացեալները։
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամենէն կարեւոր հատուածը՝ վերջին շաբաթը կը կոչուի Աւագ Շաբաթ եւ կ՚երկարի Ծաղկազարդին յաջորդող Երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ։

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Սարգիս Սերովբեան։ 80 տարեկան հասակին ան մահացած է անողոք հիւանդութեան պատճառով։
Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ կը շարունակուի լարուածութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջին բախումներուն հետեւանքով մահացաւ հայ զինուոր մը՝ Յովսէփ Անդրէասեան (1995)։
Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքը սպանդի ենթարկած ռուս զինուորը՝ Վալերի Փերմեաքով պիտի դատուի Հայաստանի տարածքէն ներս։
«Եւրօ 2016»ի որակաւորման հանգրուանի մրցումներուն ծիրէն ներս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ալպանիոյ հետ։ Հակառակորդ մարզադաշտի վրայ հայկական ընտրանին պարտութիւն կրեց 2-1 արդիւնքով։
«Ես ազգայնական չեմ, սակայն կատարուածը ցեղասպանութիւն մըն էր»։
Էթիէն Մահչուպեան վերապահութիւն յայտնեց Չանաքքալէի կարգադրութիւններուն շուրջ։
«Հայաստան պատրաստ է դառնալ նաեւ ասիացի գործարարներու շահերու կեդրոն»։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւարտեց դէպի Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Սլովենիա, Սլովաքիա եւ Ռումանիա։
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին։
Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի մեծ դահլիճի երդիքին տակ եզրափակիչ փուլի բովանդակալից քննարկումներ։
Բանկալթիի «Galeri Birzamanlar»ի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, ցուցադրուեցաւ «Կարօտ» ժապաւէնը, որ կը պատմէ հայր եւ որդի Օննիկ եւ Արա Տինքճեաններու ոդիսականը։
Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացուած լուսանկարչական ցուցահանդէսէն վերջ Tarih Vakfı-ի երդիքին տակ ասուլիս:
Ըստ ընկերաբան Նեշէ էօզկէնի, Թուրքիա-Հայաստան սահմանին փակ մնալը կը խոչընդոտէ յիշողութեան փոխանակումները:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջին օրերուն բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Աւստրալիոյ մէջ։ Իր այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Աւստրալիոյ հայութեան մօտ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը վերջերս Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպեց դասընթացք-համաժողով մը՝ ընտանիքներուն հոգեւոր աջակցութիւն մատուցելու ուղղեալ ծրագրի շրջանակներէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի 7-րդ Կիրակին նուիրուած է Քրիստոսի Սուրբ Երուսաղէմ գալստեան յիշատակին։ Աւետարանական-պատմական գալուստ մըն է այս բարեպատեհ դէպքը՝ բոլորովին տարբեր միւս գալուստներէն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Պէյրութի մէջ մահացած է լիբանանահայ գրող, ուսուցիչ, լրագրող, հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեան (Պետրոս Գալայճեան):
Թուրքիոյ հրեայ համայնքը նախընթաց օր ապրեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, Էտիրնէի մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգեալ Մեծ սինակոկի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
«ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ արեւմտահայութիւնը (19-րդ դար-1914)»:
Արման Կիրակոսեանի գրքին շնորհանդէսը երէկ տեղի ունեցաւ ԵՊՀ-ի մէջ:




