Արխիւ
Մխիթարեան վարժարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջլիսէական մարզական խրախճանքի մրցանակաբաշխութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մեր լիսէներու խումբերը վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի հանդիպումներու արդիւնքին մրցանակի արժանացան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անգլերէն թատրոնի խրախճանք մը։ Իններորդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս ծրագիրը, որուն շրջագծով Պէզճեան Մայր վարժարանի, Գալֆաեան Տան, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի եւ հիւրընկալ Թարգմանչաց վարժարանի թատերախումբերը հանդէս եկան ներկայացումներով։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մայիս 7-ին, 1064 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ Հայկեան Հանճարին գրական սրբազնագոյն ճաճանչումը հանդիսացող Գրիգոր Նարեկացին (951-1003), որ ի լուր համայն աշխարհի, 100-րդ տարելիցին առիթով, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ դասուեցաւ Տիեզերական Վարդապետներու կարգին։
Իսթանպուլի Համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ սուրիահայ յայտնի մեներգչուհի Լենա Շամամեանի համերգը։ Երաժշտասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան արժանացաւ այս երեկոյթը, որու մասնակիցներու շարքին կը գտնուէին նաեւ մեր համայնքէն արուեստասէրներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այս աշխարհի վրայ կեա՛նք մը տրուած է մեզի, կեանք մը, որ պարտաւոր ենք ապրելու՝ այսպէս կամ այնպէս, բայց անպայմա՛ն ապրելու ենք որոշուած ժամանակին մէջ։ Ինչպէս է կեանքի մասին այս իրականութիւնը, նոյնպէս է նաեւ անոր աճումը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Ս. Զատկուան յաջորդած քառասուներորդ օրուան կը զուգադիպի այս կարեւոր եկեղեցական տօնը, որուն զուգահեռ մեր եկեղեցին կը տօնախմբէ նաեւ Հայոց Հայրապետական Աթոռին՝ 1441 թուականին Սիսէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրութեան յիշատակը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տարեգրութեանց մէջ էջ մը եւս թերթուեցաւ՝ հպարտութեան զգացումներով եւ յարատեւութեան մաղթանքով:
Համբարձման տօնին օրը այս տարի եւս համայնքային շրջանակները բարձր տրամադրութեամբ նշեցին Գթութեան յարկին հիմնադրութեան տարեդարձը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւա։
«100-ամեակին խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» խորագրեալ գիտաժողով մը՝ «Պիլկի» համալսարանին մէջ:
Փրոֆ. Մուրատ Պելկէ. «Քաղաքացին եմ հասարակութեան մը, որ կ՚ուրանայ կատարուածը, ուրացումը կը վնասէ երկրին»:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները անցեալ շաբաթավերջին ուղեւորութիւն մը իրականացուցին դէպի Էսկիշէհիր։ Խումբին գլուխը կը գտնուէին վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ աւարտական դասարանի ուսուցչուհի Լուսիա Գըլընճլը։
Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մարզական խրախճանքը վերջին օրերուն առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի այս խրախճանքը, հետեւաբար ունի խոր աւանդութիւններ ու ձեւաւոր-ւած նախընթացներ։
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած անգլերէն բառախաղի (Scrabble) 9-րդ մրցոյթը երէկ եզրափակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Նախընթաց օրուան միջնակարգերու պարգեւատրումէն վերջ, երէկ ալ լիսէներու դասաւորման մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի սրահին մէջ։
Գարակէօզեանի ընտանիքը երէկ կազմակերպեց երաժշտական խանդավառ ձեռնարկ մը։ «Դուն ալ մասնակցէ, դուն ալ նուագէ» կարգախօսով կազմակերպուած երաժշտական մարաթոն մըն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք հաւատքի մասին, քանի որ հաւատքը, ամբողջ կեանքին ընթացք տուող ազդակ մըն է՝ ազդակ մը եղած է մարդկային պատմութեան մէջ։ Ան անուրանալի իրողութիւն մըն է մարդուն անհատական ու հաւաքական կեանքին գոյապահպանման ու գոյատեւման համար։
Օփերայի յայտնի մեներգչուհի սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսով մը իր արուեստի համակիրներու դատին յանձնեց նոյնաժամանակ երեք ձայնասկաւառակներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր մեծանուն երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան, որ այս առթիւ ըսաւ. «Սա ամբողջ ստեղծագործական կեանքի մը փոքրիկ մէկ մասն է՝ հանրագումարի բերուած երեք ձայնասկաւառակի մէջ, ուր Արաքս Մանսուրեան լաւագոյնս դրսեւորած է ինքզինքը»։
Անգլիոյ կառավարութիւնը Երեւանի մօտ նշանակեց նոր դեսպան մը. յանձինն՝ Ճուտիթ Ֆարնոյօրդի։ Այժմու դեսպան Քեթրին Լիչի փոխարէն ան պաշտօնի պիտի ձեռնարկէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Պոլսոյ արտացոլանքներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը:
Նկարիչ ու կրթական մշակ Լեւոն Լաճիկեան լոյս ընծայած է նաեւ «Իմ Հայաստան» ժողովածուն:
Հայաստան կը շարունակէ աշխոյժ մասնակցութիւն բերել միջազգային խաղաղարար առաքելութիւններուն՝ երկրի սահմաններէն դուրս ծագած հակամարտութիւններու մեղմացման ու յաղթահարման նպատակով։ Ցարդ մասնակցած խաղաղարար առաքելութիւններուն մէջ Հայաստան արձանագրած է յաջողութիւններ եւ իր նպաստը բերած՝ համաշխարհային անվտանգութեան պահպանման։
Թեհրանի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արտաշէս Թումանեան նախընթաց օր իր հաւատարմագիրը յանձնեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին։ Այս առթիւ Հասան Ռուհանի գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Իրանի բարեկամական ու փոխշահաւէտ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման համար որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի։


