ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՃԵԼԻ ՔԱՅԼԵՐԹ
Շիշլի մարզակումբի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ քայլերթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ վերամրապնդուեցաւ իր աւանդութիւններուն մէջ։ Առաւօտուն Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչներն ու զանազան սերունդներէ սաներ երախտագիտութեան այց մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան պատրիարքներու թաղամասը, ուր ոգեկոչուեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերը։
Սամաթիոյ ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ պանծացուց հայկական երգն ու երաժշտութիւնը։ Այսպէս, թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երգչախումբին հանդիսաւոր համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծարեց իր երիցագոյն անդամներէն Կարպիս Պալմումճուն, որ երկար տարիներ եղած էր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ երէկ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ մեծարանքի ցերեկոյթ մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Կարպիս Պալմումճուին։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ երէկ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, թաղի Թարգմանչաց վարժարանի լուսանկարչութեան ակումբին ջանքերով պատրաստուած՝ «Եօթ տարբեր հայեացք» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։
Մխիթարեան վարժարանէն ներս նախատեսուած բարեփոխումներուն զուգահեռ ծնունդ առած խնդրայարոյց կացութիւնը կը շարունակէ հանրային կարծիքը անմիջականօրէն զբաղեցնել։ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմինը այժմու թէժ իրադարձութիւններու կիզակէտին է, որովհետեւ գործընթացի շարունակութիւնը կախում ունի անոր վարչական կամքէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս եկեղեցւոյ ընդարձակ համալիրը երկար ժամանակէ ի վեր անմխիթար վիճակի մատնուած է՝ յայտնի պատճառներով։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեվերջի խրախճանքը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ՝ մինչ աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Ուսուցչուհի Վերա Հեմենկիւլի հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր հանդէսին յայտագիրը, որու ընթացքին փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։