Թրքահայ կեանք

«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՄԲՈՂՋ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵԼՈՅԹԻ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի ելոյթի մը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ ապրիլի 14-ին։ Երկրաշարժի աղէտեալներուն ի նպաստ նախատեսուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։

ՏԽՐՈՒՆԻ

Թրքահայ կեանքէն ներս վերջին օրերուն ողբերգութեան համազօր իրադարձութիւն մը եղաւ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն՝
ՆԻՔՈԼ ՕՏԱՊԱՇԸԻ
անժամանակ կորուստը։ Ան իր բնակարանին մէջ ցաւալի արկածի մը զոհ գնաց, ինչ որ խոր սուգի մատնեց թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ ամբողջ սիրելիներու շրջանակը։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒԱԾ

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը արդէն հաստատած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի գլխաւորած ընտրական մարմնին կողմէ, անցեալ մարտի 12-ին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւնը։

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՄԵՏԱՅԼՆԵՐ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբէն Լիա Ասաթուր, Արտա Արատ եւ Արաս Պուլկուր վերջերս մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի միջվարժարանային մարմնամարզի նահանգային առաջնութեան։ Մրցաշարքի տեւողութեան անոնք լաւագոյնս ներկայացուցին Շիշլի մարզակումբը։

ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԲԱՐՍԵՂ ՍԱՐԱՅԼԸԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ յայտնի գործարար եւ համայնքային բարերար Բարսեղ Սարայլըի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը, որ համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ։

Էջեր