Թրքահայ կեանք

ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մեր հայեր» նորաստեղծ միութեան ծանօթացման ընդունելութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, «Մեր հայեր»ը համավարակի շրջանին ստեղծուեցաւ՝ որպէս ընկերային օժանդակութեան շարժում։

ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐ

Գարակէօզեան Տան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային աւանդական մտախաղերը։ 11-րդ անգամ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուեցաւ համագործակցութեամբ՝ Թուրք ուղեղի խումբի եւ Մտախաղերու կազմի։

«ՄԱՐԱԼ»Ի ՓԱՌԱՊԱՆԾ ԵԼՈՅԹԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ Ֆուլիայի գեղարուեստասրահին մէջ։ Բառին բուն իմաստով փառապանծ երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցները ունեցան անմոռանալի տպաւորութիւններ։

ԱՐԴԷՆ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ

Կը տեղեկանանք, որ «Մեր հայեր» ընկերային զօրակցութեան խմբաւորումը այս շրջանին որոշած է նոր հարթութեան մը վրայ դնել իր գործունէութիւնը։ Վերջերս, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մեր հայեր»ու ներկայացուցիչներէն Նաթալի Ճէպէճին, Յակոբ Գազանճեանը, Վարդանոյշ Պաքին եւ Վարուժան Էօզպաղը։

ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԷՍԿԻՇԵՀԻՐ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները վերջերս երկօրեայ պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Էսկիշեհիր։ Սա դպրոցի աւարտական դասարանի տարեվերջի աւանդական պտոյտն էր։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ «ՄՈՏԵԼ-ՄԱԿ» ՀԱՒԱՔԻՆ

Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներ վերջերս մասնակցութիւն բերին «Մոտել-Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն» (Model United Nations-MUN) հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պուքրէշի մէջ։ Սա հետաքրքրական ծրագիր մըն էր, որ կեդրոնականցիներուն առիթ ստեղծեց Եւրոպայի զանազան քաղաքներէ երիտասարդներու հետ մէկտեղուելու եւ քննարկումներ ծաւալելու՝ ՄԱԿ-ի ձեւաչափերու նմանութեան մէջ։

Էջեր