ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ
Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի ճատրակի խումբը եղաւ Պէյօղլուի շրջանի ախոյեանը։ Անցեալ շաբթուան մէջ, այս գաւառակի դպրոցներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքը հանդիսացաւ իսկապէս բարդ մրցակցութեան մը թատերաբեմը։
Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի ճատրակի խումբը եղաւ Պէյօղլուի շրջանի ախոյեանը։ Անցեալ շաբթուան մէջ, այս գաւառակի դպրոցներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքը հանդիսացաւ իսկապէս բարդ մրցակցութեան մը թատերաբեմը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալին, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց մասնակցեցան նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը միջամտեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի եւ Գարակէօզեան Տան միջեւ ծագած տհաճ խնդրին:
Նորին Ամենապատուութիւնը Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հետ շինիչ հանդիպում մը ունեցաւ՝ ընդգծելով համայնքային շրջանակներու դրական ակնկալութիւնները, որպէսզի թիւրիմացութիւնները յաղթահարուին եղբայրական սիրոյ ոգիով: Ճաշասեղանի շուրջ կազմակերպուած տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ խումբ մը ազգայիններ:

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց համայնքիս երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ՍԷՎ-ի վարչութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճալեան, որ ներկայիս կ՚այցելէ քաղաքս, նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Պոլսոյ Աթոռը տիրացած է իր նոր գահակալին։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ։ Առաւօտուն հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից՝ Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Գալֆաեան Տան մէջ Բարեկենդանի առթիւ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ մեծ հրճուանքի։ Տղաքը բարձր տրամադրութիւնով մասնակցեցան այս հանդէսին, որմէ առաջ ուսուցիչները իրենց տեղեկութիւններ փոխանցած էին նաեւ Ս. Վարդանանց տօնի մասին։
Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց տօներու առիթով, օրհնութեամբ եւ հրամանաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կողմէ այս օրերուն լոյս ընծայուեցաւ՝ «Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքի տպարանը» գիրքը։ «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»ի եօթներորդ հատորն է այս մէկը՝ ձօնուած սրբազան գրականութեան մատենագէտ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի յիշատակին։

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը՝ Համաշխարհային մայրենիի օրուան առթիւ։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ հաստատուած այս օրը լաւագոյնս արժեւորուեցաւ եւ տղաքը հնարաւորութիւն ունեցան թափանցելու անոր խորհուրդին։