ՆԱՄԱԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՔ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի փուլերը կեանքի կը կոչուին մի առ մի՝ կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած ձեւով։ Այսպէս, Պատրիարքական Աթոռը արդէն նամակներ ուղարկած է թեկնածու սրբազաններուն՝ պահանջելով, որ յստակեցնեն իրենց դիրքորոշումը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ընկերային ու տնտեսական նիւթերու պատմութեան յայտնի պրպտող Կարօ Քիւրքմանը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, ան վերջերս հրատարակած է իր նոր գիրքը, որ կը վերաբերի Օսմանեան շրջանի արքունի հայ ոսկերիչներուն՝ 1853-1871 թուականներու ժամանակահատուածին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ օգնական երէց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։
Սարգիս Կիւրեղ կը տեղեկացնէ.-


