ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ
Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի կողմէ գլխաւորուած խումբը առաջին հերթին այցելեց հիւանդանոցի «Շիրինօղլու» թանգարանը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Տղաքը փայլուն յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը։
Հարպիյէի Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ (CRR) համերգասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ «Կեդրոնական, ջահդ վառ» կարգախօսով կազմակերպուած համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ մը։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ծրագրի գործադրութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է։ «Միշտ կարգապահ, միշտ կանգուն։ Կեցցէ՛ Լեւոն-Վարդուհեան» նշանաբանով պատրաստուած է 200-ամեակի ծրագիրը։
Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը:
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ հիւրընկալեց Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինը։ Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Մուամմէր Քեսքին եւ իր ընկերակիցները շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը, որուն յանձնեցին նաեւ յուշանուէր մը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակման տօնի հանդիսաւոր նախատօնակի արարողութիւնը։ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցան պոլսահայ սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասու անդամները։
Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր մասնակցութեամբ խրախճանք:
Պոլսահայութիւնը Ամանորի տօնական շրջանին ունեցաւ տխուր կորուստ մը։ Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է վաստակաշատ կրթական մշակ Փասքալ Թէօրէնլի։ Մխիթարեան վարժարանի յայտնի սաներէն մին էր։