ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Տնօրէն խորհուրդի անդամներուն առընթեր ներկայ էր նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Արի Չոլաքն ու կարգ մը գործակից ընկերները։ Յանձնախումբի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ։ Ներկայիս պատկան իշխանութիւններէն կ՚ակնկալուի պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Նախաձեռնարկ մարմինը արդէն Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ պետութեան դիմում կատարած է՝ պահանջելով ընտրական կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Այդ դիմումը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման խանդավառ արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր մարզական փառատօն մը։
Մեծ Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած երէկուան յոբելենական երեկոյթը փայլուն անցաւ:
Son günlerde Narlıkapı Surp Hovhannes Kilisemizle ilgili dedikodu mahiyetindeki bir söylentiyle ilgili gerçeklerin kamuoyuyla paylaşılma gereği hissedilmiştir.
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի նորանշանակ միւֆթի Մեհմէտ Էմին Մաշալըին։ Նորին սրբազնութեան կ՚ընկերանային Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Այսպէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան իր հետն ունենալով Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանը, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութը եւ ուխտաւորաց խումբ մը, հովուական այցելութիւն տուաւ դէպի Պուրկազ կղզի։
Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան աւանդական ընթրիքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Կղզիի Ջրային մարզակումբի համալիրէն ներս, «By Güven» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։