ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպան Քրիս Պութըրը։ Զրոյցի ընթացքին դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարին նկատմամբ մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարան կատարած այցելութեան ընթացքին ցուցաբերուած յարգալիր վերաբերմունքին համար։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի կազմէն ներս տարաձայնութիւններ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան. «Սուրբ Զատիկէն անմիջապէս վերջ, սուգի շրջանի աւարտին պիտի սկսի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը»:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գարակէօզեան Տան առաջին դասարանի փոքրիկները։ Իրենց այցելութիւնով շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ մեր յարկէն ներս։
Թրքահայ Ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ այս շրջանին համայնքային վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներուն համար նախատեսուած է դասընթացներու շարք մը։ Այս ծիրէն ներս առաջին հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին, Մխիթարեան վարժարանին մէջ։
Իրմա Աճէմեանի բանաստեղծութիւններով պատրաստուած եզակի յայտագիր մը։
Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ նախընթաց օր Գալֆաեան Տան սաներուն համար ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ։ Օրուան ծրագիրը պատրաստուած էր դպրոցի ուսուցչուհիներէն Թարա Տեմիրճիօղլուի կողմէ, որ միեւնոյն ժամանակ հանդիսավարի պաշտօնը կատարեց յայտագրի գործադրութեան ընթացքին։
Ֆէրիգիւղի վարժարանին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքը եզրափակուեցաւ նախընթաց օր «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման արարողութիւնով։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ սկսաւ միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարք մը։ Աւանդական ծրագիր մըն է այս մէկը, որ այս տարի կը կազմակերպուի 15-րդ անգամ։