ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՎ
Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմի դէմքերը հետզհետէ յայտնի կը դառնան։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն ստորագրեց հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ նշանակուեցան իր աշխատակազմէն շարք մը դէմքեր։
Հայկական ֆութպուլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեանի բուժման համար կը նախատեսուի երկու շաբթուան ժամկէտ մը։
Տքթ. Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու շահեկան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Սուրբ Յակոբի լոքալին մէջ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ այցելեց Ֆէնէր եւ Սաքըզաղաճը:
Երեւանի մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) գործադիր մարմնի ժողովը։ Ներկայիս երկրէն ներս նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթաց մը կ՚ընթանայ՝ նորահաստատ խորհրդարանական ղեկավարման համակարգի պայմաններուն ներքեւ։
Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ լարուածութիւնը կը մեծնայ՝ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ տարակարծութիւններուն հետեւանքով:
Երէկ, Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն։ Ըստ Պաքուէ հասած լուրերուն, ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, Իլհամ Ալիեւ վերընտրուած է նախագահ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի որդին Նիքոլա Ազնաւուրն ու կողակիցը՝ Քրիստինա Սարգսեանը։
2030 թուականին համաշխարհային բարեկեցութեան մօտաւորապէս երկու երրորդը կը վերահսկուի բնակչութեան 1 տոկոսին կողմէ: Այս թուանշանի մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», վկայակոչելով Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատի գրադարանի կանխատեսումը: