ԱՒԱՆԴԻ ՅԱՒԵՐԺԱՑՈՒՄ
«Տողուշ» խմբակը Պոմոնթիի մէջ թանգարան մը եւ արխիւի կեդրոն մը հաստատեց Արա Կիւլէրի համար:
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչը երէկուան պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը:
«Տողուշ» խմբակը Պոմոնթիի մէջ թանգարան մը եւ արխիւի կեդրոն մը հաստատեց Արա Կիւլէրի համար:
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչը երէկուան պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջերս այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպումի մը մասնակցեցաւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ «Յեղափոխութեան յաղթանակի տէրը Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնն է, սփիւռքը Հայաստանի հարստութիւնն է», յայտնեց հաւաքոյթի ընթացքին Աննա Յակոբեան։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Մինչ վաղը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան 100-րդ օրուան առթիւ մեծ հանրահաւաք մը նախատեսուած է Երեւանի մէջ, երէկ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ կը վերադառնայ քաղաքականութեան։
Ուաշինկթընի հետ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Անգարա կը վայելէ Պերլինի աջակցութիւնը:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան բեմի վաստակաւոր կատակերգակ եւ դերասան հայազգի Սամի Խայեաթ պատասխանեց մեր հարցումներուն։
Եւրոասիական զարգացման դրամատան նախագահը տեսակցեցաւ Փաշինեանի հետ:
Հայաստանի վարչապետը հանդիպեցաւ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»ի ընդհանուր տնօրէնին հետ:
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կը շարունակեն անմիջական աշխատանք տանիլ Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս երեք երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ հերթական գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրերուն հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանը։ Այսպէս, նախագահական հրամանագրով մը դեսպանի պաշտօնէն ետ կանչուեցաւ Օլեկ Եսայեան, որ վերջին տարիներուն կը պաշտօնավարէր Մինսքի մէջ։
Անգարայի ղեկավարութիւնը բարձր մակարդակով հիւրընկալեց Հայտար էլ Իպատին եւ Սերկէյ Լաւրովը:
Թուրքիա Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ ներկայիս ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան բանտէն դուրս գալէ վերջ երէկ Երեւանի մէջ պիտի սարքէր մամլոյ ասուլիս մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Քոչարեանի պաշտօնական գրասենեակը կը գործէ «Էրեբունի փլազա» համալիրէն ներս, ուր եւս նախատեսուած էր մամլոյ ասուլիսը։