ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ- ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՐՑԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան առանձնատան մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հանդիպումը։ «Առաջին նախագահը իր տեսակէտները յայտնեց Հայաստանի առջեւ ծառացած շարք մը մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներուն վերաբերեալ։
Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեաեայ յոբելեանը Հայաստանի մէջ կը նշուի հանդիսաւորապէս։ Վաղը, Բիւրականի մէջ պիտի սկսի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բանակումը։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի արձանը։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պետական աւագանիի ներկայացուցիչները՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բարձրաստիճան պատասխանատուները եւ այլ հիւրեր։
«Վերջնագիրը երկխօսութիւն չ՚ենթադրեր։ Բոլոր պահանջները, ձեւակերպումները կ՚ըլլան միայն այն ժամանակ, եթէ ըլլայ հոգեւոր լուրջ ինքնաքննութիւն»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Շաբաթ երեկոյեան ժամերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերադառնալէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հակիրճ խօսքով հանդէս եկաւ հաւատացեալներուն առջեւ։
Երէկ երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապատութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համացանցի վրայ ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ՝ պատասխանելով երկրի օրակարգի զանազան նիւթերու վերաբերեալ հարցումներու։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցական կեանքի վերջին իրադարձութիւններուն։ Վարչապատ Փաշինեան այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ մեկնաբանութիւններով։