ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային տօնին՝ յուլիսի 4-ի առթիւ երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ այս պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու տանտէրներն էին Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի հաւատարմատար Ֆիլիփ Քոսնըթ եւ Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շրջանին պիտի իրականացնէ շարք մը արտասահմանեան ուղեւորութիւններ։ Յունիսի 24-ի ընտրութիւններէն վերջ արդէն աստիճանաբար կը յստականայ Էրտողանի արտասահմանեան այցերու ժամանակացոյցը։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի զարգացման հեռանկարները:
Ամերիկահայ գիտնական Տքթ. Երուանդ Թէրզեան կարեւոր նուաճումի մը հասած է իր ընդգրկած ասպարէզէն ներս։ Այսպէս, ՆԱՍԱ-ն իր բարձրագոյն պարգեւը՝ «Նշանակալից հանրային ծառայութեան համար» շքանշանը պիտի յանձնէ աստղագէտ, Քոռնելի համալսարանի դասախօս Երուանդ Թերզեանին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեանի վճռական ու համոզիչ յայտարարութիւնները՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին դէմ հնչեցուած տխուր զրպարտութիւններուն եւ անհիմն պնդումներուն կապակցութեամբ:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ համախմբուեցան թրքահայ կրթական մշակներ: