Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԿԱՍՊԻՑ ԾՈՎՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՎԵՐՋԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց Կասպից ծովու վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոր կարգավիճակին շուրջ եզերակից հինգ երկիրներուն միջեւ վերջերս ստորագրուած համաձայնագրին։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԻԿՆԻԿԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ԹԱՏԵՐԱՇՐՋԱՆԻ ՄԵԿՆԱՐԿԸ

Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին պե­տա­կան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նը օ­գոս­տո­սի 5-ին ազ­դա­րա­րեց թա­տե­րաշր­ջա­նի մեկ­նար­կը:
Կիւմ­րիի  Ստե­փան  Ա­լի­խա­նեա­նի ա­նո­ւան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նին մէջ «Բա­րե­կեն­դան»ով ազ­դա­րա­րո­ւե­ցաւ  83-րդ ­թա­տե­րաշր­ջա­նին մեկ­նար­կը:

ԼԱՐՈՒԱԾ ՊԱՅՔԱՐ

Թուրքիա բուռն ձեւով կը հակազդէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն եւ քայլերուն:
Տնտեսական համատարած զօրակոչ:
Անգարայի ղեկավարութիւնը այսօր կ՚ընդունի Հայտար էլ Իպատիի եւ Սերկէյ Լաւրովի այցելութիւնները:

ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵՆԷՆ ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ… ԻՇԻՊ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Չորս տարիներ առաջ այս օրերուն, ԻՇԻՊ («Իրաքի-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) կը յայտարարէր իր «խալիֆայութեան» հիմնադրման մասին։ Վերլուծաբաններուն համար «անծանօթ» համարուած այս խմբաւորումը, թէկուզ նորութիւն մը չէր, սակայն իր գործելաոճով «կը գերազանցէր» իրմէ առաջ ստեղծուած արմատական մօտեցումներով գործող բոլոր խմբաւորումները։

ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃԷՆ

Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանը երէկ որոշեց ազատ արձակել Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ միջոցէ մը ի վեր կալանաւորուած էր։ 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն բերումով մեղադրանք հասցէագրուած էր Ռոպերթ Քոչարեանին։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմանի ռազմաքաղաքական, ռազմական եւ ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան ընթացիկ խնդիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները։

ՏԵՍԻԼՔԻ ՊՏՈՒՂՆԵՐ

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսութիւնը փայլուն անցաւ:
Ժամանակ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ տարեդարձի շրջանի նշանակութիւնը:
Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի խօսքով՝ 1908-էն ի վեր հայ մամլոյ նահապետը հաւատարմաբար կը պահէ իր օրական ժամադրութիւնը եւ ան մնացած է՝ որպէս ժամանակներու արձանագրութիւնը:

 

Էջեր