ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԵՐԱՓՈԽԵԱԼ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարանին՝ «Շարակնոց»ի սրբասուն հեղինակները շատ գեղեցիկ բառերով բնութագրած են Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր անձը, գեղեցիկ ածականներով զարդարելով Իր օրինակելի կենցաղի գեղեցկութիւնը։ Սրբազան շարականագիրներու առընթեր Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն աղօթողը՝ Նարեկայ վանքի աննման վարդապետը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին եւս գործածած սքանչելի ածականներով գեղակերտած է յուշակոթող մը, որ այսօր եւս կը սքանչացնէ ընթերցող հաւատացեալները։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Սերկէյ Լաւրով Անգարայի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին:
Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի պատուիրակութիւններուն բանակցութիւնները եզրափակուեցան:
Թուրքիա-Հայաստան սահմանը ապօրինի անցնելու փորձերը վերջին շրջանին խտացած են էապէս։ News.am կայքէջի հաղորդումներով, սահմանի Հայաստանի Արտաշատ քաղաքի հատուածին մէջ վերջին կէս տարուան ընթացքին աւելի քան մէկ տասնեակ սահմանախախտներ ձերբակալուած են։
Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ շաբաթէ մը ի վեր կ՚այցելէր Իսթանպուլ, այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ Նորին սրբազնութեան այցելութեան շարժառիթը եղած էր Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ օրակարգի առկայ տարակարծութիւնները սեղանի վրայ:
Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «Նարեկացի» արուեստի միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը, որ խորագրուած էր՝ «Ամերիկայի օգնութիւնը 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան մէջ»։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ցուցահանդէսը ձօնուած է 1915-ի շրջանին Արեւելեան Հայաստան հաստատուած ամերիկացի կամաւորական Էլտէր եղբայրներուն