ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի այսօր եռակողմանի գագաթաժողով մը կ՚իրականացնեն Սոչիի մէջ։ Օրակարգի վրայ կու գայ Սուրիոյ ճգնաժամին տեսակէտէ շարք մը առանցքային խնդիրներ։
Տեղապահ սրբազան հայրը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ դիմեց պետական աւագանիին:
Ազգային մեծ ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, խորհրդարանի նախագահ վերընտրուեցաւ Իսմայիլ Քահրաման։
«Ես չափազանց լաւատեսութիւն չեմ յայտներ, սա դժուար խնդիր է եւ բանակցութիւններու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնք շուտ չեն աւարտիր»:
12-րդ դարու վերջին եւ 13-րդ դարու սկիզբին կառուցուած կրօնական, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոն Գոշավանքի նորոգման, ամրակայման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս տարի վերականգնման գործընթացը սկսած է Սեպտեմբերին:
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան խտացեալ աշխատանք կը տանին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւին ընդառաջ:
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ թատերագիր, 18-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական կատակերգութեան ներկայացուցիչ Փիէռ Օկիւստէն Քարոն տը Պոնմարշէի թատրերգութեան հիման վրայ բեմադրուած «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» ներկայացումը ժամանակակից, հետաքրքրական, անսպասելի լուծումներով կը ներկայացուի Երեւանի «Հրաչեայ Ղափլանեան» տրամաթիքական թատրոնին մէջ։