Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան. «Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Չի ԽՈՉԸՆԴՈՏԵՐ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ»

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան չի խոչընդոտեր Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի աշխատանքը։ Հայաստանի tert.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ կրօնական ժողովի ատենապետը յայտնեց, որ Նախաձեռնարկ մարմինը պէտք է շուտով պետութեան ներկայացնէ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ ժամկէտներն ու կանոնադրութիւնը։

«Յուսոյ առագաստ-2017» հեղինակաւոր երգի միջազգային փառատօնը Սեւանի ափին համախմբած է հայ եւ օտարազգի կատարողները՝ Ռուսաստանէն, Վրաստանէն եւ Ուքրայնայէն։ Փառատօնը, որ տեղի ունեցած է անընդմէջ երրորդ տարին ըլլալով՝ ունի միջազգային ձեւաչափ:
Բրիտանական գահու թագաժառանգ Քէյմպրիճի դուքս Ուիլիըմ եւ իր եղբայրը՝ արքայազն Հարի առաջին անգամ կը պատմեն իրենց մօր՝ արքայադուստր Տայանայի մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը մէջ, որ եթերով կը հեռարձակուի ITV հեռուստաալիքէն, այսօր՝ Յուլիսի 24-ին:
Հանրապետութեան նախագահը ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Արաբական ծոցի երեք երկիրներ:
ԱՄՆ-էն արտաքին առեւտուրի հարցերով բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Երեւան:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի «Խորհրդաւոր յիշողութիւններ» եռամաս գեղանկարի շնորհանդէսը: Գեղանկարը նուիրուած է յօրինող Եդուարդ Միրզոեանին եւ անոր ի պատիւ ստեղծուած «Միրզոյեան-քառեակ»ին:
Պատրիարքարանի երէկուան ժողովին ընթացքին որեւէ խօսակցութիւն տեղի չունեցաւ Պէյքոզի նիւթին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան համայնքապատկան կալուածի հատուցման գումարներու արժեւորման հարցին շուրջ համայնքէն ներս գոյացած է նոր համաձայնութիւն մը։