ԱՐՈՆԵԱՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԸ

Հայկական ճատրակի յառաջատարներէն Լեւոն Արոնեան երէկ ապահովեց նոր նուաճում մը, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէն ներս եւ առիթ հանդիսացաւ մեծ ուրախութեան։ Այսպէս, Լեւոն Արոնեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թիֆլիզի մէջ կազմակերպուած ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան աւարտին Լեւոն Արոնեան ապահովեց առաջին տեղը։
«Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» նախագծի շնորհանդէսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Հայերէն առաջին Աստուածաշունչի հրատարակութեան 350-ամեակին ձօնուած կարեւոր ձեռնարկ մը:
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կազմակերպած հանրաքուէին պատճառով լարուածութիւն:
Յակոբ Կիւլլիւճեան կը մեկնաբանէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու կրթական ու մշակութային երեսակները:
Գեղանկարիչներու «Համագործակցութեան եւ բարեկամութեան ներկապնակ» միջազգային փառատօն-ցուցահանդէսին ներկայացուեցան աշխարհի տասն երկիրներէ Հայաստան ժամանած ստեղծագործողներու վաթսուն գեղանկարչական աշխատանքներ։ Կտաւորներու մէջ պատկերուած էին հայոց բնաշխարհը, մարդիկ օտարներու ընկալմամբ։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ստեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։