ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այլընտրանք չունին՝ բացի քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներէ»:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այլընտրանք չունին՝ բացի քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներէ»:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս Թուրքիա ինքզինք կը դրսեւորէ չափազանց ապակառուցողական։ «Ռիա-Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան քննադատեց Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ աւելցուց, որ այդ մէկը ուղղուած է տարածքաշրջանի շահերուն դէմ։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ վաղը պիտի սկսին Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կէս գիշերին պիտի ուղեւորուի Երեւան եւ վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասած պիտի ըլլայ մայրավանք: Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարութիւններ կ՚ընէ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն եւ մշտապէս միասին է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ: Համայնքային զանազան շրջանակներ կը ջանան ներկայ փուլին իրենց մօտեցումներուն եւ սպասումներուն շուրջ տեղեակ պահել Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ աղօթքով ու շինիչ յորդորներով հետամուտ է համերաշխ լուծում մը ապահովել՝ որպէսզի երեք սրբազանները փոխադարձ ըմբռնումով յառաջ տանին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն հիման վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ յետմիջօրէին, հայկական լրահոսին մէջ երեւցած որոշ շփոթէն ետք, յստակ կը դառնար, որ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Հինգշաբթի օր Մայր Աթոռ ժամանումը արդիւնքն է նախապէս եղած կարգադրութիւններու:
Կան համազգային արժէքներ, որոնց կարելի է անդրադառնալ միայն մեծագոյն ակնածանքով, մաքրամաքուր զգացողութիւններով, անափ սիրով ու նուիրումով: Նման արժէքներու շարքին կ՚առանձնանայ մայրենի լեզուն: Իւրաքանչիւր անհատ թերեւս ունի մայրենիի վերաբերեալ իր ըմբռնումներն ու պատկերացումները, մայրենիի հանդէպ իր պարտաւորութիւններու գիտակցումը:
Պուէնոս Այրէսի Սերվանթէսի անուան ազգային թատրոնի գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է հայազգի Ալեխանտրօ Տանտանեան:
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան հայազգի Արթուր Աբրահամի յաջորդ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլի 22-ին։
Մայրենիի օրուան առթիւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան աջակցութեամբ բացուած «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքէջի (Armlands.com) շնորհանդէսը եւ «Իմ քաղցր լեզու» խորագրեալ շարադրութեան մրցոյթի արդիւնքները:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ երեք սրբազանները այս օրերուն աստիճանաբար կը հասնին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին բարձր հովանաւորութեան ներքեւ բուն քննարկումները նախատեսուած են՝ Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ: