ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարներու խօսակցութենէն անմիջապէս վերջ յայտարարուեցաւ, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է՝ Սուրիոյ օդային մարզէն ներս կատարուելիք թռիչքներու անվտանգութեան եւ համակարգման շուրջ։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արհեստավարժ բռնցքամարտի աստղերէն Արթուր Աբրահամի հետ, որ WBO վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեանն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հայազգի մարզիկը Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր ձեռնոցները ու պատմեց մարզական աշխարհէ ներս տարած գործունէութեան մասին։

«Փորթագալ» գեղարուեստի տունը Թուրքիոյ մէջ պիտի իրականացնէ առաջին լուռ աճուրդը:
Հայաստանի վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Երեւանի մօտ Իրանի, Թիւրքմենիստանի դեսպաններուն հետ:
Թուրքիոյ եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները կը զարգանան փոխադարձ շահերու հիման վրայ: