ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուարի 24-ին։
Եւրոխորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Անթոնիօ Թաճանի։ Իտալացի խորհրդարանականին թեկնածութիւնը առաջադրուած էր Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան կողմէ։
Չաղլաեանի Արդարադատութեան պալատին մէջ հերթական դատավարութիւն՝ մահափորձի 10-րդ տարելիցին ընդառաջ:
Տոց. Թորոս Ալճան գրասենեակէն ներս ջերմօրէն հիւրընկալեց Արսէն Աւագեանը:
Ամանորի գիշերը Օրթագիւղի «Ռէյնա» գիշերային ակումբի վրայ յարձակում իրագործած եւ 39 հոգիի մահուան պատճառ դարձած ահաբեկիչը երէկ ձերբակալւեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Իրաւապահ մարմինները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ լրաքաղութեան մասնագէտները օրերէ ի վեր կը հետապնդէին այդ ոճրագործը, որ ձերբակալուեցաւ Էսէնեուրտի մէջ, ուր կը թաքնուէր բնակարանէ մը ներս։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի առընթեր «Հայաստանի իրաւազօրութիւն» ծրագրի իրագործման ընթացքին եւ յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերեալ երէկ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդակցութեան սկիզբին անդրադարձաւ այս խորհուրդի առջեւ դրուած խնդիրներուն եւ գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն։