ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԸ Կ՚ԱՇԽԱՏԻ ԱՇԽՈՅԺ
Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս ամէն տարի շուրջ 200 հազար թերթ փաստաթուղթ կը թուայնացուի։ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուց՝ թէ մօտաւոր հաշուարկներով 350 միլիոն փաստաթուղթ ի պահ դրուած է իրենց մօտ։
«Հայփոստ Թրասթ Մենեճմընթ» շրջանառութեան մէջ դրած է երկու նամականիշ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ տօնակատարութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան Ճօ Պայտընը հիւրընկալեց իր իջեւանած պանդոկին մէջ
Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հանրապետական մաղթանք՝ Երեւանի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, թէ «Եփրատի վահան» գործողութիւնները կը շարունակուին իրաւական ինքնապաշտպանութեան շրջագծին մէջ եւ Թուրքիա աչք չէ դրած որեւէ այլ երկրի հողերուն։
Երեւանի «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ երէկ բացուեցաւ «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ-2016» տօնավաճառը։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիսացաւ բացման արարողութեան պատուոյ հիւրը։
«Կոմիտաս» թանգարանի երդիքին տակ ծրագիր. «Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը»: