Հայաստանի Մէջ Ծնած է 18.4 Հազար երախայ
Ըստ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան «Հայաստանի ընկերային-տնտեսական վիճակը 2016 թուականի Յունուար-Յունիսին» տուեալներուն, ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին երկրին մէջ ծնած է 18 հազար 439 երախայ, իսկ մահացած է 14 հազար 306 հոգի, բնական յաւելաճը կազմած է 2.7 տոկոս:
Երեւանի մէջ ծագած դէպքերուն վրայէն վաղը երկու շաբաթ անցած պիտի ըլլայ։ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին օրակարգը կը բնորոշուի մտահոգիչ իրադարձութիւններով։ Երեւանի Խորենացի փողոցին եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ կեդրոնացած է հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ մէկ անգամուան համար ետ կը քաշէ այն բոլոր դատերը, որոնք բացած է իրեն դէմ կատարուած անարգանքներուն համար։
Նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ազգային վարչութեան, 62-րդ տարին ըլլալով, Յուլիսի 14-16 թուականներուն տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը՝ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի:
Հանրապետութեան նախագահը վաւերացուց Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի երէկուան նստաշրջանին որոշումները:
«Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ Երեւանի կեդրոնին մերձակայ Էրեբունի թաղամասէն ներս ոստիկանատան մը բռնագրաւումով պայմանաւորուած դէպքերու շարանը կը շարունակուի ամբողջ սաստկութեամբ։ Այս ժամանակաշրջանին, դժբախտաբար, լարուածութիւնը դարձած է Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի գլխաւոր ստորոգելին։
ԱՄՆ շուրջ 14 միլիոն տոլար յատկացուցած է Հայաստանի հանրային առողջապահութեան բնագաւառին: