ՎԱՐԴԱՆ ՕԶԻՆԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն Պոլիս կ՚այցելէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Տքթ. Վարդան Օզինեան։ Ան Փարիզէն քաղաքս փութացած է իր քրոջ՝ վաստակաւոր կրթական մշակ Մարի Քարաքաշեանի հետ։


Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Եռօրեայ ուղեւորութեան առաջին հանգրուանին ան երէկ շփումներ ունեցաւ Կազիանթէպի մէջ։ Ճանսըն այցելեց գաղթականաց ճամբարը, ուր զրուցեց ապաստանեալ ընտանիքներուն հետ։ Մանկապարտէզի մը մէջ ան լսեց փոքրիկներուն երաժշտական կատարումները։
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ սփիւռքահայ մտաւորական Արա Կարմիրեան։ Թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ ան կնքած է իր մահկանացուն, սակայն իր կորուստը ցաւալի է՝ մանաւանդ, որ սփիւռքեան մեր իրականութենէն կը պակսին իրեն նման մտաւորական դէմքերը։ Որպէս ճարտարագէտ, գրող ու ֆիլաթելիստ ան իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին էր
