ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Ագարայի մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց իր պաշտօնակցին հետ՝ անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ ԵՓԿ-ի խնդրին:

Իսրայէլի պետութեան իններորդ նախագահը պիտի յուղարկաւորուի այս Ուրբաթ:

Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Եռօրեայ ուղեւորութեան առաջին հանգրուանին ան երէկ շփումներ ունեցաւ Կազիանթէպի մէջ։ Ճանսըն այցելեց գաղթականաց ճամբարը, ուր զրուցեց ապաստանեալ ընտանիքներուն հետ։ Մանկապարտէզի մը մէջ ան լսեց փոքրիկներուն երաժշտական կատարումները։