ՄԵՍՈՒՏ ՊԱՐԶԱՆԻ ԱՅՍՕՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Հայաստան-ԵՄ բանակցութիւնները կ՚ընթանան՝ նոր համաձայնագրի մը պատրաստութեան շուրջ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը կը նախատեսէ գործընթացը աւարտին հասցնել տրամաբանական ժամկէտի մը մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանայ չորս բարձրաստիճան դիւանակալներէ, շփումներու ձեռնարկած է Թուրքիոյ մէջ։ Պատուիրակութեան անդամներուն երեքը ԱՄՆ-ի Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներն են, իսկ մին՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչն է։
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Ռաքքա ապրող եւ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հալէպ տեղափոխուած հայ զինուորական ծառայողին ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ:
Անգարա-Մոսկուա բնականոնացման զուգահեռ՝ թափ կը ստանայ ուժանիւթի ոլորտի գործակցութիւնը:
«Թրքական հոսք» ծրագիրը կը համընկնի երկու երկիրներու ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն:
Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակը ընդգրկուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 2017 թուականի ցուցակին վրայ:
Հայաստանի կողմէ մշակուած է ծրագիր մը՝ զանազան ձեռնարկներու եւ ցուցահանդէսներու նախաձեռնութեամբ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգման աշխատանքներու աջակցման նպատակով պայմանագրային հիմունքներով աշխատանքի կը հրաւիրեն երկու մասնագէտներ, որոնք կ՚ընտրուին հարցազրոյցի արդիւնքով:
Աշխարհի յառաջատար Fastcompany.com լրատուամիջոցը հրապարակած է տասն քաղաքներու ցանկը, որոնք մատչելի են արտասահմանի մէջ ապրելու եւ աշխատելու համար: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, այդ քաղաքներու շարքին դասուած է նաեւ Երեւանը:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական կեդրոնի մը:
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով սերպական «Թանժուկ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Խրուաթիան վերջին տասնչորս տարուան ընթացքին վաճառած է Ադրիական ծովուն մէջ գտնուող իր կղզիներէն հինգը: